Փասատինա, Քալիֆորնիա.- Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) կրթանպաստներու յանձնախումբը, հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ ամէնամեայ կրթաթոշակային ծրագիրի մը միջոցով ներդրումներ կը կատարէ մեր երիտասարդութեան ապագայի ուղղութեամբ` յոյս ունենալով, որ ան արդիւնաբեր կը հանդիսանայ հայ համայնքին:
Ուստի, մեզի համար հաճելի է յայտարարել 2021-2022 տարեշրջանի ՀԿԲՄի կրթանպաստի ծրագիրի բացումը: Կրթանպաստներ (իւրաքանչիւրը մինչեւ 1500 ամերիկեան տոլար) պիտի տրամադրուին համալսարանական ուսանողներու, որոնք ներկայիս ընդունուած են Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող քառամեայ համալսարանները:
Դիմողները պէտք է ըլլան հայկական ծագումով, ունենան նուազագոյնը 3.5 GPA եւ գործունեայ ըլլան հայկական համայնքին մէջ:
Այս պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել https://aebu.org/our-programs/scholarship/ կայքը` յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագիրներ ստանալու համար: Դիմումները կրնան ներկայացուիլ մինչեւ Յունիս 30, 2021, առցանց կամ նամակատան միջոցաւ, ուղարկելով հետեւեալ հասցէին` AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave., Pasadena, CA 91104:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել (626) 344-7321 թիւին:
ՀԿԲՄը իր տարեկան նպաստները կը յատկացնէ մրցակցական հիմքերով եւ վերստուգումէ ետք: Անցեալ տարի, ՀԿԲՄի կրթանպաստի յանձնախումբը ընտրած էր վեց տաղանդաւոր համալսարանական ուսանողներ` գնահատելով անոնց ակադեմական կարողութիւնները եւ համայնքին մէջ ունեցած գործունէութիւնը:
Այս տարուան արդիւնքները պիտի յայտարարուին առցանց, 1 Օգոստոս 2021ին:
Հայկական Կրթական բարեսիրական միութիւնը հիմնուած է 1969ին, խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են կարիքաւոր ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ուսանողական նպաստները կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներու կրթութեան` կերտելու համար աւելի փայլուն ապագայ մը: Մեր ծրագիրներուն օժանդակելու համար կը խնդրենք այցելել https://aebu.org/donate/ կայքէջը:
ՀԿԲՄը Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած բարեսիրական կազմակերպութիւն է եւ ունի ոչ-հասութաբեր section 501 (c) (3) Internal Revenue Code. Tax ID # 95-3798531 կարգավիճակ:
(Հաղորդագրութիւնը՝ ՀԿԲՄէն)