«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»ը ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել: Ծրագիրին հիմնական նպատակն է խթանել արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու կիրառութիւնը:
Հիմնարկութիւնը «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»ը մեկնարկեց Փետրուար 2020ին. անիկա Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկն է:
Ծրագիրին առաջին տարուան ընթացքին հիմնարկութիւնը Լիբանան ապրող 18-35 տարեկան երիտասարդներէ ստացաւ 27 դիմումներ, որոնցմէ ընտրուեցան տասը ծրագիրներ: Այժմ, իւրաքանչիւր ծրագիրի պատասխանատու անձ կամ խմբակ կ՛աշխատի կեանքի կոչել իր ժամանակին եւ բազմաբնոյթ իրականութեան վերաբերող ստեղծագործ եւ նորարար ծրագիրները՝ իբրեւ արտայայտչամիջոց ունենալով արեւմտահայերէնը:
Լիբանանի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»ին 2020-2021 տարեշրջանի նպաստառուներն են՝
ԴԻՏԷ՛- Հրայր Գալեմքէրեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան
Հարթակ մը, ուր տարբեր տեսակի արուեստներու (լսողական, տեսողական, գրական…) աշխատանոցներու ընդմէջէն հնարաւոր պիտի ըլլայ անդրադառնալ երիտասարդութիւնը յուզող բազմազան նիւթերու:
ԿԱՐՄԻՐ ՄՈՄ- Կարէն Տարագճեան եւ Սուրէն Խտըշեան
Առցանց թատերական ներկայացում մը՝ Պուրճ Համուտի ոսկերիչներու անհետացող արհեստին եւ անոնց առօրեային մասին։
ԿՌՈՒՆԿ շարժապատկեր- Գրիգոր Աւեսեան եւ Սերժ Մանուկեան
Երկու երկհարթ շարժապատկերներ (animation), հիմնուած Հրակ Փափազեանի «Բռնկում» եւ «Շրջիկները» կարճ պատմուածքներուն վրայ։
ՂԱՐՊԻՅՅԷժ- Գուրգէն Փափազեան
Վաւերագրական կարճ ֆիլմերու շարք, որ կը յայտնաբերէ շրջանի հայութեան կեանքը բնորոշող յատկանշական հիմնական երեւոյթները։
ՄԷԿ- Ասատուր Պասմաճեան, Նարէ Քիւսպէքեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Կարինէ Գիւլխանճեան
Երիտասարդները հետաքրքրող, արեւմտահայերէնով հազուագիւտ խօսուող նիւթեր մատուցող հարթակ մը, որ նաեւ կ՛անդրադառնայ հայերէնի տարբեր բարբառներուն։
ՆՇՄԱՐ- Սարին Սանտրա Պաճաքեան
Լուսանկարչական պատում մը, որ կը նշմարէ հայու պատառիկներ եւ կը ներկայացնէ մեր շուրջ ապրող անյայտ հերոսները։
ՊԱՏՄԱԿԱՆ- Կիրօ Գարավարդանեան եւ Սերժ Մանուկեան
Հայոց պատմութեան մասին եօթը շարժապատկերներու (animation) շարք մը, որ լայն բնաբաններու ընդմէջէն պիտի քննարկէ հայոց պատմութեան մէջ որոշիչ դեր խաղցած տարբեր նիւթեր։
ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ՀԻՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ- Արմէն Պագգալեան
Անդրադարձ Լիբանանահայ հին թերթերու ծանուցումներու մշակոյթին, որ կը միտի վերակենդանացնել հոն եղած հարուստ եւ գունաւոր լեզուն։
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐ- Յարութ Կիւլիւզեան
Լիբանանահայ վեց գրողներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի, Աբրահամ Ալիքեանի, Պօղոս Սնապեանի, Պէպօ Սիմոնեանի, Սարգիս Կիրակոսեանի եւ Յակոբ Մանուկեանի մասին վաւերագրական տեսերիզներ:
ՎԱԶՐԻԿ- Շողակ Յովհաննէսեան
Գիտաառեղծուածային նկարչական վէպ, որուն դէպքերը տեղի կ՛ունենան Վազրիկի կեանքին ակնթարթներէն մէկուն ընթացքին, ապագայապաշտ Պուրճ Համուտի մէջ։
Ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն եւ մանրամասնութիւններ ունենալու համար կարելի է հետեւիլ «Ֆէյսպուք»ի եւ «Ինսթակրամ»ի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր» էջերուն՝
https://www.facebook.com/creativeculture.20
https://www.instagram.com/creativeculture.20/
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի ծրագիրներուն մասին կարդալ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջին վրայ։