ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը կոչ ըրած է՝ առնուազն 100 միլիոն տոլար տրամադրելու Հայաստանին եւ Արցախին, նպաստելու համար անոնց, որ վերականգնեն Ատրպէյճանի իրագործած յարձակումներուն վնասները։
Այս կոչը կատարուեցաւ 2022ի արտաքին օժանդակութիւններու քննարկումներուն սկսած Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութիւններու յատկացումներու ենթայանձնախումբի ատենապետ Պարպարա Լիին յղուած նամակին մէջ։
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներ՝ քոնկրեսականներ Փալոնին, Սփիրին եւ Շիֆին ու անոնց գործակիցներուն, որոնք այս առաջարկը ներկայացուցին, նպաստելու համար Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն դիմագրաւած մարդկային եւ ապահովական տագնապներուն լուծում գտնելու ջանքերուն», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, որ կարեւոր համարեց Պաքուին աջակցութիւնները սառեցնելու պահանջները եւս։
Քոնկրեսականներուն նամակին մէջ կը պահանջուին հետեւեալները.
– Անմիջական յաւելեալ աջակցութիւն Արցախին՝ վերակառուցման եւ Արցախի ժողվուրդի մարդասիրական կարիքներուն համար.
– Առնուազն 2 միլիոն տոլար տրամադրել Արցախի մէջ չպայթած ռումբերը վնասազերծելու ջանքերուն.
– Տնտեսութեան, կառավարման, ներքին եւ սահմաններու ապահովութեան բարելաւման ջանքերուն համար 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւն.
– Սառեցում Ատրպէյճանին տրամադրուող ապահովական աջակցութեան։
Այս արշաւին ձեր քոնկրեսականին զօրակցութիւնը ապահովելու նպատակով նամակ մը յղելու համար այցելել anca.org/aidletter կայքէջը։