ՊԵՌՆ, «Էյ.Էն.Էֆ. Նիուզ».- Զուիցերիոյ խորհրդարանի 33 պատգամաւորներ նամակ յղեցին երկրին կառավարութեան՝ յորդորելով անոր, որ ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ իր տարածքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Իրաքի մէջ մարդկային իրաւանց կոպիտ ոտնակոխումներու փաստերուն առնչութեամբ:
Պատգամաւորները կոչ ուղղեցին կառավարութեան՝ յետաձգելու Թուրքիոյ հետ ազատ առեւտուրի մասին նոր համաձայնագիրը, մինչեւ այն ատեն, երբ այդ երկիրը չէ կատարած Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումները:
Պատգամաւորները նամակին մէջ կը նշեն, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիան կը տանի բռնապետութեան ուղիով՝ լռեցնելով ընդդիմադիր եւ քննադատական ձայները, ներառեալ՝ լրատուամիջոցները, հեռացնելով անկախ դատաւորները եւ զանոնք փոխարինելով կամակատար դատաւորներով ու բանտարկելով մարդկային իրաւանց գործիչներ եւ լրագրողներ:
Զուիցերիացի օրէնսդիրները նաեւ արձանագրեցին, որ Արցախի վերջին պատերազմին Թուրքիա ոչ միայն Պաքուն հրահրեց, այլ նաեւ Ատրպէյճան ղրկեց վարձկան զինեալներ, ինչ որ միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտում է:
Ըստ անոնց՝ Անգարա նման գործելաոճ ցուցաբերած է նաեւ Լիպիոյ մէջ:
«Խորապէս կը հաւատանք, որ Զուիցերիոյ մարդասիրական աւանդոյթները եւ համադաշնակցութեան պաշտպանութեան տակ առնուած արժէքները կը շարունակուին եւ համոզուած ենք, որ այս հրատապ կոչը կը լսուի գործադիր իշխանութեան կողմէ», կը գրեն խորհրդարանականները: