ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իսրայէլեան կեդրոնը («Մոսատ»ի ենթակառոյց մը) իր քաղաքացիները զգուշացուց չայցելելու Ատրպէյճան, այդ երկրին մէջ հրեաներու եւ իսրայէլացիներու դէմ սպառնալիքներուն պատճառով: Այս մասին յայտարարեց ռուս-իսրայէլացի լրագրող Ալեքսանտր Լափշին՝ կեդրոնի պաշտօնական կայքին յղում կատարելով։
«Կը հաւատամ, որ Ալիեւի թրթուռները հիմա պիտի մտնեն եւ ըսեն, որ հայերը կաշառած են իսրայէլեան «Մոսատ»ը», կը գրէ Լափշին:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, թէ Թուրքիա չէ խնդրած, որ Իսրայէլ դեսպաններու փոխանակման համաձայնի, հերքելով այդ մասին թուրք պաշտօնատարի մը յայտարարութիւնը։
«Անցեալ տարուան վերջաւորութեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Իսրայէլին բացուելու մասին հրապարակաւ յայտարարութենէն ետք եւս, Թուրքիա շարունակեց ապաստան տրամադրել ահաբեկչական «Համաս»ին», դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւր մը յայտնեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»ին: Նոյն աղբիւրը աւելցուց, որ Էրտողան մէկ կողմէ կը փորձէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդել, նոյն ժամանակ կ՛աջակցի իսլամականներուն, որոնք Իսրայէլի վրայ յարձակում կը գործեն:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան Օգոստոսին սպառնացած էր իր դեսպանը Ապու Տապիէն տուն կանչել կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ յարաբերութիւնները խզել՝ հակադարձելով Իսրայէլի հետ վերջինիս ստորագրած համաձայնութեան: