Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլին, հրաւէրով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռի միաբան եղբայրներու հանդիպումը, որուն ներկայ եղան Եփրեմ արք. Թապագեան, Կոմիտաս արք. Օհանեան, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Գրիգոր արք. Չիֆթճեան եւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան:
Բարձրաստիճան հոգեւոր հայրերը նախ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ վասն աշխարհի խաղաղութեան եւ ազգիս հայոց սէր-միութեան, Արամ Ա. կաթողիկոսի արեւշատութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ անսասանութեան, ապա մասնակցեցան ի պատիւ իրենց կազմակերպուած սիրոյ սեղանին, որուն ընթացքին յիշուեցան միաբանական կեանքի սրտառուչ յուշերէն ու դրուագներէն պատումներ, այլեւ անդրադարձ եղաւ մեր ներկայ կեանքը յուզող երեւոյթներու մասին:
Յայտնենք, որ բարձրաստիճան հոգեւոր հայրերը Աւագ Շաբթուան առիթով մասնակից եղան Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներու սրբազան արարողութիւններուն, օրհնաբեր Ս. պատարագ մատուցեցին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեցին վասն մխիթարութեան մեր ժողովրդեան: