Աւագ Շաբաթուայ եւ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնի արարողութիւնները մեծ շուքով նշուեցան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին մէջ` գլխաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներուն ու հիւրաբար թեմ այցելած հոգեւորականներու:
3 Ապրիլին, Պըրպենքի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատուցուեցաւ յանձին` Խաժակ քհնյ. Շահբազեանի: Յաւարտ պատարագի, Ճրագալոյցի խորհրդանիշ կանթեղով օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ եւ Սուրբ Յարութեան աւետիսը փոխանցուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
4 Ապրիլին, նոյն տաճարին մէջ Սուրբ Յարութեան պատարագը մատուցանեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նշեց. «Սիրելի բարեպաշտ հայորդիք, Յարութեան որդիքն էք դուք այսօր, քանզի ձեզանից յուրաքանչիւրի հոգու մէջ Յարութեան յոյսն է, շունչն է, կեանքն է, որ կ:արտացոլուի»: Ապա սբազանը իր խօսքը ուղղեց ծնողներուն` խդրելով, որ այնպէս դաստիարակեն իրենց զաւակները, որ անոնց շուրթերէն անպակաս ըլլայ աղօթքը: Իր խօսքի վերջաւորութեան, սրբազանը աղօթք առաքեց առ Աստուած, մեր հայրենի երկրի անսասանութեան, նահատակ հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներու մխիթարութեան եւ սփոփանքին համար:
Ապա սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն եւ Արեւմտեան թեմի բոլոր հաւատացեալներուն:
Սուրբ պատարագի վերջաւորութեան, հաւատացեալներու բազմութիւնը սրբազան հօր գլխաւորութեամբ առաջնորդուեցաւ «Թրբանճեան« հրապարակը, ուր Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով կազմակերպուած էին զանազան խաղեր, ներկայացումներ, երգ, պար եւ խնճոյք թէ՛ երեխաներու եւ թէ բոլոր ներկաներուն համար: Ի տես Զատկական բացառիկ կազմակերպուածութեան` առաջնորդը նաեւ բարձր գնահատեց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահբազեանը՝ իր նախանձախնդիր եւ նուիրեալ ծառայութեան համար:
Աւագ Շաբաթուան եւ Սուրբ Յարութեան խորախորհուդ այս բոլոր արարողութիւնները մեծ հանդիսութիւններով կատարուեցան Արեւմտեան թեմի բոլոր ծուխերուն մէջ:
(Քաղուած առաջնորդարանի թղթակցութենէն)