ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կլենտէյլ քաղաքի բանուկ Պրենտ պողոտային վրայ գտնուող Նիանով Արուեստի թանգարանը (Museum of Neon Art) ամբողջ Ապրիլ ամսուան ընթացքին կը յիշատակէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը, իսկ ցուցափեղկին մէջ, Հայաստանի Եռագոյնին գոյներով՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն, լոյսերու տակ ցուցադրելով Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն հայերէն եւ անգլերէն հատուածներ։
Ցուցադրութիւնը պատրաստուած է MONA and Leaf Cutter Studio-ին կողմէ։
Թանգարանը կը գտնուի 216 S. Brand Blvd., Glendale, CA 91204 հասցէին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել neonmona.org կայքը։