
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Կիրակի, 11 Ապրիլին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, կը հաղորդէ Հայաստանի ծանրաբարձութեան դաշնակցութեան պաշտօնական կայքը:
109 քկ. եւ վեր դասակարգին մէջ, Գոռ Մինասեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 464 քկ. (216 եւ 248)՝ տիրացաւ արծաթ մետալին, հանդիսանալով Եւրոպայի փոխախոյեան:
Իսկ Վարազդատ Լալայեան, բարձրացնելով 445 քկ.՝ հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:
Շաբաթ օր տեղի ունեցած մրցումներուն, 102 քկ. դասակարգին մէջ, ախոյեան հանդիսացաւ Սամուէլ Գասպարեան, որ երկամարտի մրցումներուն բարձրացուց 390 քկ.:
Եւրոպայի ախոյեան հանդիսանալէ ետք, ան ըսաւ, որ իր արձանագրած այս յաղթանակը կը նուիրէ բոլոր հայ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքերը չխնայեցին պաշտպանելու համար հայրենիքի սահմանները:

Նոյն այս դասակարգին մէջ, փոխախոյեան հանդիսացաւ Արսէն Մարտիրոսեան, որ արձանագրեց 380 քկ. արդիւնք մը (171 եւ 209):
96 քկ. դասակարգի մրցումներուն, Յակոբ Մկրտչեան 372 քկ. բարձրացնելով տիրացաւ պրոնզ մետալին:
89 քկ. դասակարգին մէջ պայքարող Կարէն Աւագեան աւելի կանուխ ոսկի մետալ մը խլեց, մինչ Անդրանիկ Կարապետեան գրաւեց երրորդ դիրքը։
Կարէն Աւագեան յաղթանակը նուիրեց «հայ զինուորներու վառ յիշատակին»:
Երկամարտին մէջ, Աւագեան արձանագրեց 375 քկ. արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ վրացի Ռեւազ Տաւիտածէ, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Կարապետեան (365 քկ.):
Այսպիսով, այս ախոյեանութեան, Փաշիկ Ալավերդեանի գլխաւորած Հայաստան հաւաքականը, որ տիրացաւ 8 մետալներու (2 ոսկի, 2 արծաթ, 4 պրոնզ), ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:
Առաջին հանդիսացաւ Ուքրանիա (4 ոսկի, 1 արծաթ, 1 պրոնզ), իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց Պուլկարիա (3 ոսկի, 3 արծաթ, 1 պրոնզ):
Նաեւ, Հայաստանի ծանրաբարձութեան աղջիկներու հաւաքականի անդամ Լիանա Գիւրջեան (55 քկ.) հանդիսացաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, բարձրացնելով 227 քկ. (98 եւ 129):