ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Նախաձեռնութեամբ «Հեմըր» թանգարանին եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին երաժշտանոցին, 21 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ հայկական դասական եւ ժողովրդային երաժշտութեան նուիրուած առցանց համերգ մը, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Պիտի ներկայացուին Գրիգոր Նարեկացիէն, Սայաթ Նովայէն, Կոմիտասէն, Տիգրան Մանսուրեանէն, Արտաշէս Քարթալեանէն եւ Գեղունի Չիթճեանէն ստեղծագործութիւններ։
Ելոյթ պիտի ունենայ համալսարանին «Վէմ» նուագախումբը, ընկերակցութեամբ Արմէն Ադամեանի (դուդուկ), իսկ հանդիսավարն է համալսարանի դասախօսներէն եւ յայտնի ջութակահար Մովսէս Պօղոսեան։
Արձանագրուելու համար այցելել https://hammer.ucla.edu/programs-events/2021/remembrance-treasures-armenian-classical-contemporary-folk-music կայքը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել info@hammer.ucla.edu հասցէին կամ (310) 443-7000 թիւին։