ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Վերջերս, թուրք երիտասարդներ երաժշտական ձեռնարկ մը կազմակերպեցին հայոց Մակարայ վանքի շրջափակին մէջ, որ կը գտնուի Կիպրոսի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած բաժինին մէջ: Ձեռնարկին յաջորդեց կրօնական վայրի ոչ-վայել խնճոյք մը:
Յիշեալ դէպքը ընդվզումի եւ դատապարտութեան ալիք մը բարձրացուց Կիպրոսի հոգեւոր ու քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի թրքական բաժինի միւֆթին, յունաց պատրիարքարանը, ինչպէս նաեւ Շուէտի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, Եւրոպայի դատարանին մօտ Կիպրոսի ներկայացուցիչը, Կիպրոսի պետութեան համայնքներու հետ կապի պատասխանատուն, կիպրահայոց պետական ներկայացուցիչը եւ այլ պատասխանատուներ դատապարտեցին կրօնական սրբավայրի մը դէմ եղած այս գրգռիչ արարքը եւ բողոքագիր յղեցին Եւրոպական խորհրդարանին ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան:
Կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանը տեղեակ պահեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այս ուղղութեամբ: Կաթողիկոսը թելադրեց, որ իր կողմէ դատապարտէ այս անընդունելի երեւոյթը եւ շարունակէ մօտէն հետեւիլ Մակարայ վանքին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:
Յայտնենք, որ Յունիս 2019ին, կաթողիկոսը անպաշտօն կերպով Խորէն սրբազանին եւ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հետ այցելած էր Մակարայ վանքը եւ մօտէն տեղեակ դարձած պատմական նշանակութիւն ունեցող վանքին վիճակին եւ զայն վերանորոգելու ու անոր անվտանգութիւնը ապահովելու գծով տարուող աշխատանքներուն