ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- «Լաս Վեկաս Սան»ը կը հաղրդէ, թէ Նեւատայի համալսարանի Լաս Վեկասի մասնաճիւղը որոշած է իր բժշկական բաժանմունքը կոչել ամերիկահայ գործարար եւ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի անունով՝ ի պատիւ համալսրանին եւ Լաս Վեկասին բերած հանգուցեալի նպաստին։
Թերթը կը նշէ, թէ «Kirk Kerkorian School of Medicine at UNLV» բաժանմունքը պիտի հանդիսանայ հանրային առաջին հաստատութիւնը, որ կը կրէ լուսարձակներէ հեռու մնալ փափաքած բարերարին անունը, աւելցնելով, որ MGM Resorts պանդոկներու ցանցով եւ այլ նախաձեռնութիւններով նահանգին նպաստած Գըրգորեան նաեւ մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլար նուիրած է Հայաստանին, օժանդակելու համար անոր վերաշինութեան, 1988ի երկրաշարժէն ետք։