ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Մեր մայրենին ինչո՞ւ ունի մարգարիտի մը ազնուական փայլը: Միթէ՞ «մարգարիտ» բառն է պատճառը: Անկասկա՛ծ: Իբրեւ ազնուուհիի մը նուրբ պարանոցը զարդարող մարգատաշար՝ «մարգարիտ» բառը զարդարեց հայոց լեզուն, զայն դարձուց աչքառու եւ թանկագին: Ու ինչպէս Կարմիր ծովու, Պարսից ծոցի կամ Հնդկական ովկիանոսի արկածախնդիր լողորդները՝ մարգարիտ մը դուրս բերելու համար խիզախութեամբ կը սուզուին ջուրին յատակը, նոյնպէս ալ մենք, այսօր ըլլանք գրական մարգարիտներու որսորդներ, իջնենք հայկական գրականութեան խորութիւնները ու դուրս բերենք քանի մը ընտիր ու պատուական «մարգարիտ»:
Հին դարերուն ոսկին եթէ արքայական էր, ապա մարգարիտը եւ «մարգարիտ» բառը կը պատկանէին հայոց փափուկ թագուհիներուն, ինչպէս կը վկայէ մեր քերթողահայր Մովսէս Խորենացին.
«Տեղ ոսկի տեղայր
ի փեսայութեանն Արտաշիսի,
Տեղայր մարգարիտ
ի հարսնութեանն Սաթինկանն»:
Մատթէոս առաքեալի աւետարանին մէջ «մարգարիտ» բառը երկինք բարձրացաւ. «Երկինքի թագաւորութիւնը նաեւ նման է ճամբորդող վաճառականի մը, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ: Գտնելով թանկարժէք մարգարիտ մը՝ ան կ՛երթայ, իսկոյն կը վաճառէ իր ունեցուածքը եւ կ՛առնէ զայն»: Դուք արդէն նկատեցիք, թէ «մարգարիտ» բառը կը սիրէ ընտիր ածականներու հետ տեսնուիլ, ինչպէս, ըստ Աստուածաշունչ մատեանի, «գեղեցիկ», «թանկարժէք» եւ «պատուական»: 10րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին խոստովանեցաւ, թէ ինք փշրուած մարգարիտի մը չափ արժէք չունի. «Ես՝ անարժանս ամէն բարիքի, փշրուած մարգարիտ, ընկղմած գոհար»: Իսկ 12րդ դարուն, Ս. Ներսէս Շնորհալին «մարգարիտ»ով զարդարեց Ս. Գայիանէին եւ Աստուածամօր նուիրուած բանաստեղծութիւնները. «Վկայուհի Գայիանէ, ծաղկազարդ պսակ կուսից եւ մարգարիտ սուրբ հաւատոյ», «Աստուածածին, մի՛շտ կոյս Մարիամ… Ակն շափիւղայ եւ մարգարիտ պատուական»:
Յարգելի ընթերցող, եթէ ոեւէ մէկը բարձր կատարէ մը դիտէ Հայկական լեռնաշխարհը – քարերու ովկիանոս մը իսկական – ապա իրաւունք կ՚ունենայ հարցնելու, թէ ուրկէ՛ եկաւ «մարգարիտ»ը՝ ծովային փափկամարմիններու մէջ գոյացող այդ սատափեայ պինդ, կլորաւուն եւ աչքառու քարը:
Այդ հարցումին պատասխանելու տենչանքով, Հրաչեայ Աճառեանը սուզուեցաւ հին աշխարհի հին լեզուներուն մէջ ու դուրս ելաւ հետեւեալ բացատրութեամբ. ««Մարգարիտ» բառը յունական փոխառութիւն է՝ լատիներէնի միջնորդութեամբ, արմատն է՝ մարղարիտիս»: Սակայն, ժամանակակից ստուգաբանութիւնը սկսած է համոզում ցոյց տալու, թէ բառը ունի պարթեւական ծագում: Հայերէնի միջոցով, բառը հասաւ հին վրացերէնին ու դարձաւ՝ մարգարիտի: Բառը տարածուեցաւ նաեւ այլ երկիրներ ու զարդարեց պճնասէր տիկինները եւ անոնց նուիրուած երգերը: Ահա՛ «մարգարիտ» բառի միջազգային շարանը. Լատինախօս աշխարհ` մարգարիտա, Արաբական թերակղզի՝ մարճան, Պարսկաստան՝ մորվարիտ, Ասորեստան` մարգանիթա: Իսկ հայկական գաւառներու մէջ, բառը ստացաւ իւրայատուկ հնչիւններ. Հաճընի մէջ՝ «մագարիդ» (իբրեւ յատուկ անուն), Վանի մէջ՝ «մարկըրիտ», Խարբերդի եւ Ակնայ մէջ՝ «մարքըրիդ», Ալաշկերտի, Մշոյ եւ Սեբաստիոյ դաշտերուն վրայ՝ «մարգրիդ»:
Հայոց լեզուին մէջ «մարգարիտ» բառի փրփուրներէն ծնունդ առին բազմաթիւ գեղեցիկ ածականներ: Այժմ միացնենք ամէնէն ընտիր 12 հատը ու կազմենք սիրուն մարգարտաշար մը. մարգարտագեղ, մարգարտազարդ, մարգարտածին, մարգարտածոպ, մարգարտածով, մարգարտածոց, մարգարտայեռ, մարգարտահնչիւն, մարգարտաշող, մարգարտափայլ, մարգարտափունջ եւ մարգարտապսակ: «Մարգարիտ» բառը դարձաւ նաեւ գիրքի անուն: Սա իսկապէս հազուադէպ երեւոյթ է, քանզի հայկական գրատպութեան ամբողջ պատմութեան մէջ բառը յայտնուեցաւ լոկ հինգ անգամ: Առաջին երեք հատը ծնունդ առին Պոսֆորի փրփուրներէն, իսկ յաջորդները՝ Թիֆլիսը զարդարող Կուր գետի ջուրերէն. «Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից», «Անխօս Մարգարիտ», «Մարգարտաշարք մը Ներկայ Ճշմարտութեան Գոհարատուփէն», «Մարգարտէ Մանեակ» եւ «Մարգարիտներ»: Կ՛արժէ յիշել, թէ 1400ներուն, տաղերգու, երաժիշտ, հասարակական-եկեղեցական գործիչ Առաքել Բաղիշեցին, Պոլիսը գովաբանելու համար գործածեց «մարգարիտ» բառը. «Դու մարգարիտ՝ տեառն քարոզ / Արքայութեան երկրի, Ստըմպոլ. / Որ ամենայն հաւատացեալք / Քո ցանկային տեսլեանդ, Ստըմպոլ»:
«Մարգարիտ» բառը գործածուեցաւ նաեւ նախնեաց առակի մը մէջ, որ կ՛ըսէ, թէ մարդու լեզուն ունի երկու ճիւղ, երկու բնաւորութիւն՝ չարն ու բարին մէկ բերանի մէջ.
«Լեզուն ճուղ ունի քան զօձու,
Զմէկն մարգարիտ կու թափէ,
Զմէկն՝ ժահր (թոյն)»:
Հայկական գրականութեան մէջ, սակայն, յարգելի ընթերցող, «մարգարիտ» բառը իր ամենափայլուն շրջանը ապրեցաւ միջնադարուն: 1200էն մինչեւ 1700ներ հասնող այդ ժամանակահատուածին, երբ մարդը սկսած էր գովաբանելու բնութիւնը, գարունը, գինին եւ գեղեցիկը, ու կ՛ապրէր կեանքը եւ անոր շնորհները լիովին վայելելու ցանկութեամբ, «մարգարիտ» բառը ազատեցաւ հոգեւոր գրականութեան կաշկանդումներէն ու դարձաւ աշխարհիկ: Ամէն աշուղ, ամէն սիրավառ բանաստեղծ «մարգարիտ» բառը առնուազն մէկ անգամ գործածեց նկարագրելու համար իր սիրոյ առարկան:
Այժմ, յարգելի ընթերցող, վերադառնանք մակերես, շունչ մը քաշենք, շաբաթ մը զմայլինք մեր որսացած գոհարներու գեղեցկութեան վրայ, բայց շարունակենք արկածախնդիր ու խիզախ մնալ, որպէսզի յաջորդ յօդուածին կրկին խորանանք հայկական գրականութեան խաղաղ ջուրերուն մէջ ու մեր յայտնաբերած ամէն մէկ ընտիր «մարգարիտ»՝ գրական նուրբ թելի մը վրայ շարելով, կազմենք հայկական աշուղական գրականութեան շողշողուն մարգարտաշարը: