Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը 16 Ապրիլ թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը հաստատէ, որ Գանատայի Ալպերթա Նահանգի օրէնսդիր ժողովը վաւերացուց օրինագիծ մը, որմով նահանգին խորհրդարանը միաձայնութեամբ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այլ ցեղասպանութիւններ, նոյն ժամանակ, նահանգային կառավարութիւնը Ապրիլ ամիսը յայտարարած է իբրեւ ցեղասպանութեանց յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամիս:
Թիւ 205րդ օրինագիծը, զոր հովանաւորած էր Ալպերթայի Միացեալ պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխան Փիթըր Սինքհ, ընդունուեցաւ 22 Մարտ 2021ին տեղի ունեցած նահանգային խորհրդարանի նիստին, երրորդ ընթերցումէն ետք եւ 26 Մարտին ստացաւ վերջնական վաւերացում՝ ըստ օրէնսդրութեան:
Օրէնքի նախագիծը, որ կը կոչուի «Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամսուան մասին օրինագիծ», կը խրախուսէ Ալպերթայի կառավարութիւնը ցեղասպանութեան պատճառները կանխելու եւ անոնց դէմ պայքարի ռազմավարութիւններ մշակելու:
Օրինագիծը յատուկ կերպով կ՛ընդգծէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուքրանական սովասպանութիւնը, հրէական ողջակիզումը, Ռուանտայի թութսի փոքրամասնութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը, Սրեպրենիցայի սպանդը, ինչպէս նաեւ եզիտիներու եւ ռոհինգիաներու ցեղասպանութիւնները:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ գոհ է թիւ 205 օրինագիծին ընդունումով եւ իր խոր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ալպերթա նահանգի վարչապետ Ճէյսըն Քենիին, երեսփոխան Փիթըր Սինքհին եւ Ալպերթայի խորհրդարանի բոլոր երեսփոխաններուն՝ իրենց սկզբունքային դիրքորոշման եւ ճշմարտութեան ու արդարութեան հանդէպ իրենց անսասան նուիրուածութեան համար: