
ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Քրեմլին յոյս ունի, որ ժամանակի ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ համոզել Թուրքիան, որ փոխէ Խրիմի հարցին մէջ իր սխալ դիրքորոշումը:
«Խրիմի վերաբերեալ տակաւին լուրջ տարակարծութիւններ ունինք: Խրիմի նկատմամբ Անգարայի դիրքորոշումը բացարձակապէս ճիշդ չէ, աւելի ճիշդ՝ ամբողջովին սխալ է», ըսաւ Փեսքով:
Յիշեցնենք, որ Անգարա այցելած Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպման ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ յայտարարած էր, որ «Խրիմի բռնակցումը չի ճանչնար»:
Նշենք, որ 2014ի հանրաքուէէն ետք Խրիմը դարձած էր Ռուսիոյ մարզ: