
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու անդրադարձաւ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան՝ նշելով, որ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի յարաբերութիւնները կարեւոր են, բան մը, որ «պէտք է նաեւ գիտնայ Ճօ Պայտընի վարչակազմը»:
«Կոչ կ՛ընենք պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու, սակայն Հայաստան ինքնավստահ չէ եւ կը նախընտրէ քարոզչութիւնը», կրկնեց Չաւուշօղլու:
Այնուհետեւ հռետորական հարց բարձրացնելով, թէ ինչ կրնայ ըլլալ ամենավատ հաւանականութիւնը՝ ան նշեց. «Անոնց կողմէ այդ բառը օգտագործելով չէ որ պատմութիւնը պիտի փոխուի: Ցեղասպանութիւն բառին օգտագործումը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն»: