ԵՐԵՒԱՆ.- 22 Ապրիլին, Երեւանի մէջ, Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ, ընդդիմութիւնը հանրահաւաք կազմակերպեց` առ ի պաշտպանութիւն քաղաքական հետապնդման ենթարկուող սիւնեցիներուն:
Ցոյցին մասնակցողները կը պահանջէին ազատ արձակել Սիւնիքի շարք մը համայնքապետներ, որոնք ապօրինաբար ձերբակալուած էին 21 Ապրիլին, Սիւնիքի զանազան վայրերու մէջ, Փաշինեանի դէմ կատարուած բողոքի արտայայտութիւններուն պատճառով:
ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այսօր մենք տեսանք, որ թուրքը Երեւանի մէջ է արդէն, ոչ միայն մէկ թուրք, այլ բազմաթիւ թուրքեր, որոնք յոյս ունէին, որ դիմակներ կրելով՝ պիտի չճանչցուէին:
«Բոլոր այն թուրքերը, որոնք թաքնուել էին ՔԿ աշխատասենեակներում, մէջքով էին կանգնած, երբ նկարւում էին, նրանց բոլորի դէմքը հատիկ-հատիկ աւելանալու է իրենց թուրք պատուիրատու Նիկոլի կողքին: Թրքութիւն էր, որն այսօր արեցին ՔԿում, երբ թուրքին տուեցին շուռնուխցի մեր հայրենակցի տունը, թուրքին բերեցին Շուռնուխի պռնկին, նրանք վաղ թէ ուշ արժանանալու են թուրքի ճակատագրին», ըսաւ Մանուկեան:
Ըստ անոր` Հայաստանի մէջ նման թրքաբարոյ արարք ընդունելի չէ: «Պատժուելու են: Թող պարգեւավճարով իրենց յիշատակի մասին ֆիլմեր պատրաստեն, որովհետեւ այն թրքութիւնը, որն արեցին այսօր, յանուն մեր ապագայ սերունդների, յանուն մեր զաւակների, թոռների, թող որեւէ մէկի մտքով չանցնի, որ իշխանութեանը ծառայելու համար կարող է նման թրքութիւն անել: Թող որեւէ մէկի մտքով չանցնի, որ վարչապետի աթոռ պահելու համար կարող է սիւնեցու դէմ զօրք հանել: Նրանք պէտք է պատժուեն, որ արմատախիլ լինեն մեր երկրից», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:
Հանրահաւաքին մասնակցողները ոստիկաններու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Գլխաւոր դատախազութեան շէնքը` հանրապետութեան գլխաւոր դատախազէն պահանջելով սիւնեցիներուն դէմ գործուած բազմաթիւ իրաւախախտումներուն դէմ յստակ քայլերու ձեռնարկել, ինչպէս նաեւ դադրեցնել բողոքի ցոյցերու մասնակցողներուն դէմ սանձազերծուած քաղաքական բոլոր հետապնդումները:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ շատ յստակ եւ օրէնքի հիման վրայ պահանջներ ունին. «Առաջին կարեւորագոյն պահանջը` հայրենիքի ազատագրութեան համար մարտնչած, Սիւնիքի սահմաններն անառիկ պահած հայ ժողովրդի հայրենապաշտ զաւակները, որոնք այսօր անօրինական կերպով անազատութեան մէջ են, պէտք է անյապաղ ազատ արձակուեն», ըսաւ ան:
Մինասեան նաեւ անդրադարձաւ Փաշինեանի Սիւնիքի մարզը կատարած այցելութեան եւ նշեց. «Ձեզ հետ միասին ականատես եղանք մի բեմադրութեան, երբ գլխաւոր հայրենադաւը նախաապէս իմանալով իր անձի նկատմամբ Սիւնիքի մարզի բնակիչների վերաբերումունքն ու կարծիքը, գաղտագողի, առանց ՏԻՄ ներկայացուցիչների գիտութեամբ, ներխուժել է Սիւնիք: Շատերի մօտ կարիծիք կայ, որ նա իրաւունք ունի ցանկացած ժամանակ այցելելու, սակայն ՏԻՄ պատասխանատուութիւնը այդ համայնքի բնակիչների շահերի պաշտպանութիւնն է` բոլոր ուղղութիւններով: Առաւել եւս երբ մարզ է գնում գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչը, պարտաւոր էին տեղեկացնել: Սադրիչ գործողութիւններ հրահրելու միջոցով հայրենիքի գլխաւոր ազգադաւը որոշել էր ճեմել Սիւնիքի մարզի քաղաքներում: Ոչ միայն ճեմել, ակնյայտ հրահրել սադրիչ գործողութիւններ»:
Ըստ Մինասեանի՝ պաշտօնական լիազօրութիւններու բացայայտ չարաշահում եղած է, մինչդեռ իրաւապահ մարմինները առարկելու փոխարէն հլու-հնազանդ կատարած են զայն` ծառայելով գլխաւոր դաւաճանին:
«Ներսի թուրքի դէմ առնուազն քրէական գործ պէտք է յարուցուի», ըսաւ ան` դիմելով դատախազութեան եւ աւելցուց. «Մենք պահանջում ենք Արթուր Դաւթեանին, որ նա իջնի եւ հանդիպի քաղաքացիների հետ»:
Բողոքի ցոյցին մասնակցողները հաւկիթներ նետեցին Դատախազութեան շէնքին ուղղութեամբ, որմէ ետք իրավիճակը լարուեցաւ, սկսաւ հրմշտոց ոստիկաններուն եւ հաւաքուածներուն միջեւ: Ոստիկանները սկսան ձերբակալել ցուցարարներ:
Դատախազութեան մօտ հաւաքուած քաղաքացիները կը գոչէին` «Առանց թուրքի Հայաստան»:
Ոստիկանները բռնի ուժ կիրարկեցին եւ ձերբակալեցին հանրահաւաքի շարք մը մասնակցողներ, որոնց կարգին` ՀՅԴ Արտաշատի «Դուման» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գերասիմ Վարդանեան: