ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց մը, կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Էրտողան եւ Ալիեւ քննարկեցին «համատեղ քայլերը, զորս Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կրնան ձեռնարկել՝ վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ», ակնարկելով Սպիտակ տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման։ Ալիեւ վստահեցուց Էրտողանին, թէ Թուրքիոյ դէմ ձեռնարկուած իւրաքանչիւր քայլ նաեւ Պաքուի դէմ առնուած քայլ կը նկատէ:
Նշենք, որ Անգարա պաշտօնապէս դատապարտեց նախագահ Պայտընի յայտարարութիւնը, մինչ Պաքու բաւարարուեցաւ «ափսոսանք յայտնել»ով:
Միւս կողմէ, Էրտողան Ապրիլ 24ին նամակ մը յղեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանին՝ «վստահեցնելով, թէ Անգարա կը ձգտի բարիդրացիական յարաբերութիւններ զարգացնել Հայաստանի հետ:
Էրտողան նամակին մէջ գրած է հետեւեալը. «1915 թուականի իրադարձութիւնների վերաբերեալ հայկական պնդումներուն շուրջ բանավէճը, որ կը քաղաքականացուի երրորդ երկիրներու կողմէ եւ միջամտութեան գործիք դարձած է, ոեւէ մէկուն օգուտ չունի»: