Խաթուն Բագրատունի
Քանի մը շաբաթ առաջ «Ասպարէզ»ի առցանց մահազդներուն մէջ անակնկալ կերպով կարդացի Մարի Ֆիլհաննէսեան Պապիկեանի մահազդը: Յիշատակներս զիս Դամասկոս փոխադրեցին, Միացեալ վարժարանի աշակերտական տարիներս յիշեցի եւ մեր բոլորի սիրելի Օրդ. Մարիին հետ մեր անցուցած կեանքի պահերը խուժեցին մտքիս մէջ:
Օրդ. Մարին Միացեալ վարժարանի մեր 4րդ եւ 5րդ կարգերու Հայերէն լեզուի եւ Հայոց պատմութեան ուսուցչուհին էր, իսկ 6րդ կարգին միայն Հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէր: Ան իր հանդարտ, հեզաբարոյ եւ բարեհամբոյր բնաւորութեամբ մեզի կը ջամբէր իր գիտելիքներուն պաշարը: Ես չեմ յիշեր օր մը, որ ան ձայնը բարձրացուցած ըլլար դասարանին մէջ:
Հիմա, աւելի քան 77 տարի անցած է, յիշողութեանս մէջ դրոշմուած են ձեռագործի պահերը: Օրդ. Մարին մանկավարժական շատ հնարամիտ, օգտակար միջոցով մեր մէջ գրական ճաշակ կը սերմանէր: Իրեն համար ձեռագործը միջոց մըն էր, որ մեր ձեռքերը զբաղած պահելով, մեր մտքերը մշակէր: Ձեռագործի տեսակին անունը տալով, Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ որ շրջանէն է, ան ցոյց կու տար, թէ ինչ պէտք է ընէինք: Մեզի վարժեցուցած էր, որ մենք մեր շաղակրատութիւնը դադրեցնէինք, որ ան մեզի կարդար իր ընտրած պատմուածքներէն նմուշներ, օրինակ՝ Համաստեղի «Կապոյտ Հուլունքը», «Աղուընիկները», Ա.Ահարոնեանի «Արիւնոտ Թթխմորը» եւ շատ ուրիշ գրուածքներ: Կը յիշեմ նաեւ, որ երբ զբօսանքի զանգը հնչէր, մենք հմայուած գրական այդ մթնոլորտէն կը դժկամէինք մեր տեղերէն շարժիլ, եթէ տակաւին իր կարդացածը չէր աւարտած: Անշուշտ, ինք միշտ ալ կը խոստանար յաջորդ պահուն շարունակել:
Վստահ եմ, որ Օրդ. Մարին նոյն հմտութեամբ եւ նուիրումով շարունակեց դաստիարակել յաջորդ սերունդներ, որոնց շարքին մէջ են Սրապեան գերդաստանի դամասկոսաբնակ բոլոր զարմիկներս եւ մօրաքրոջս զաւակները, որոնք բոլորն ալ ինծի պէս իրեն երախտապարտ են:
Դամասկոսի Միացեալ վարժարանը աւարտելէս յետոյ, մենք ընտանեօք Պէյրութ փոխադրուեցանք, որպէսզի Նշան Փալանճեան ճեմարան յաճախելու առիթը ունենանք: Ուսումս շարունակեցի միշտ յիշելով Դամասկոսի ուսուցիչներս եւ ընկերներս: Ճեմարանը աւարտելէ եւ հոն աշխատելէս յետոյ, ընտանիք կազմելէ ետք, կեանքի պայմանները պարտադրեցին, որ ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ գաղթենք, ուր մենք մեր մասնակցութիւնը բերինք ազգային կազմակերպութիւններուն:
Յաջորդ անուշ յիշատակը տիկ. Մարիին մասին, որ տպաւորած է եւ առանձին հաճոյքի առիթ եղած է հազարաւոր մղոններ հեռու, Գանատա պատահած է: 2000ի առաջին հնգամեակին, Սուրիոյ ահաւոր բախումներէն առաջ, Հայ Օգնութեան Միութեան Համահայկական Պատգամաւորական ժողովին ուղղուած խնդրանք մըն եղած էր Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Նամակին մէջ կը նշուէր, որ Դամասկոսի Միացեալ վարժարանը անմիջական նիւթական օժանդակութեան կարիք ունէր: Նամակը ստորագրողը, որպէս մասնաճիւղի ատենապետուհի, Մարի Պապիկեանն էր: Ես անակնկալի եկած, նստած տեղէս բարձրաձայն բացականչեցի, որ նամակը ստորագրողը իմ նախակրթարանի ուսուցչուհիս էր: Ինչ խօսք, որ ուրախութեանս դրդապատճառը իմ ուսուցչուհիիս տակաւին պատնէշի վրայ ըլլալն էր եւ գաղութային կեանքի մէջ իր շահեկան ներդրումը շարունակելն էր:
Ի հարկէ Պատգամաւորական ժողովը, ինչպէս միշտ, դրական որոշումով օժանդակութեան իր ձեռքը մեկնեց Միացեալ վարժարանին:
Ես տեղեակ չէի որ իմ ուսուցչուհիս Լոս Անճելըս կ՛ապրէր եւ հոս մահացած էր: Մահազդի սգակիրներուն եւ ցաւակցական յայտարարութիւններուն հետեւելով, բարեկամներէս մէկէն իր զաւկին՝ Տիգրանին թիւը ձեռք ձգեցի: Տիգրանին հետ խօսակցութեանս ընթացքին միայն իմացայ որ Տիկ. Մարին իր կեանքի վերջին 8 տարիները անցուցած էր Լոս Անճելըսի մէջ:
Կ՛ափսոսամ, որ առիթ չունեցայ իմ սիրելի ուսուցչուհիիս հետ նոր յարաբերութիւն ստեղծելու,եւ մեր անցեալի անուշ յիշատակները վերակոչելու: Շատ հաւանաբար նաեւ, որ մեր մտերիմ խօսակցութեան նիւթը պիտի ըլլար Սփիւռքի մէջ հայութեան կեանքի ձեւաւորման, զարգացման եւ դժբախտ վերիվայրումներուն զանազան փուլերը:
Հիմա, երբ այս տողերը կ՛արձանագրեմ, ափսոսանքս եւ կսկիծս աւելի կը ծանրանան սրտիս վրայ, որովհետեւ բաղձանքս պիտի ըլլար անձամբ իրեն փոխանցել երախտագիտութիւնս, որ ինք յաջողած էր մեզի դաստիարակել, ներշնչել ազգային պարտականութիւն եւ գիտակցութիւն:
Ուրախութեամբ կարդացի, որ Պապիկեան ընտանիքը, ի յիշատակ Մարի Ֆիլհաննէսեան Պապիկեանի, որոշած է հաստատել յատուկ հիմնադրամ մը, որ պիտի աջակցի հայ կրթութեան ոլորտին մէջ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներ պատրաստելու:
Պապիկեան ընտանիքի օրինակելի այս որոշումը կու գայ հաստատելու, որ իմ սիրելի ուսուցչուհիս իր կեանքի օրինակով, որպէս հայ մօր տիպար, հայ ուսուցչուհի եւ Դամասկոսի հայ գաղութին մէջ իրեն երախտապարտ հազարաւոր հայորդիներու կեանքերուն մէջ իր անջնջելի կնիքը ձգած է: Պապիկեան ընտանիքի յատուկ հիմնադրամ հաստատելու այս որոշումէն աւելի յարմար, օգտակար եւ իրենց մօր յիշատակը անմահացնող եւ իր գործունէութիւնը շարունակող վերաբերում չեմ կրնար պատկերացնել:
Խունկ ու աղօթք իր անմար յիշատակին:
Կարդալ Նայեւ՝