ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Մարտակերտի շրջանի Նոր Ղազանչի գիւղին ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը դարձեալ յառաջացան դէպի այն դիրքերը, ուր յայտնուած էին 26 Ապրիլին, սակայն աւելի ուշ դարձեալ հեռացած։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Նոր Ղազանչի համայնքի ղեկավար Ռուսլան Առստամեան:
«Ադրբեջանցիները կրկին առաջ են եկել մինչեւ այն դիրքեր, որտեղից Ապրիլի 27ին հեռացել էին: Մեր կառավարութեան ու խաղաղապահների կողմից միջոցառումներ են ձեռնարկւում», ըսաւ համայնքապետը:
Նոր Ղազանչիի ուղղութեամբ ատրպէյճանցիներուն դարձեալ յառաջանալու տեղեկութիւնը «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց նաեւ Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Հայկ Բախշիյեան:
Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեան չմեկնաբանեց այս տեղեկութիւնը: