ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Իքոնոմիսթ» թերթը ծաւալուն յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, յարակից հարցերուն, Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն:
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ Երեւանին առաջարկուածը ո՛չ թէ ձիթենիի ճիւղ մըն է, այլ՝ պարտութեան հետ համակերպելու պահանջ մը:
Յօդուածին մէջ կը մատնանշուի, որ թէեւ Անգարայի պաշտօնական շրջանակները վերջին ամիսներուն կը խօսին Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ հաւանական նոր շրջափուլի մը սկիզբին մասին, սակայն, թրքական գործողութիւնները հակառակը կ՛ապացուցանեն:
Թերթը կը մատնանշէ նաեւ Պաքուի մէջ բացուած «ռազմական աւարի պուրակը»՝ զայն «զարհուրելի» որակելով: