ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովը 6 Մայիսին, 82 թեր եւ 1 ձեռնպահ քուէներով, առաջին ընթերցումով ընդունեց «Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու ծրարը:
Օրէնսդրական ծրարով կը նախատեսուի օրէնքի ուժով ամրագրել Հանրային պատկերասփիւռի կայանի նախընտրական բանավէճերու կայացումը, ընդլայնել հիմնադրամներէն կատարուող ծախսերու ցանկը, էապէս նուազեցնել Ազգային ժողովի պատգամաւորներու թիւի բարձրացման կարելիութիւնը:
Նախագիծով կը նախատեսուի նաեւ նուազեցնել կուսակցութիւններուն համար նախատեսուած շեմերը` 5 տոկոսը վերածել 4 տոկոսի, իսկ դաշինքներունը բարձրացնել: Մինչեւ 3 կուսակցութիւններու պարագային շեմը դարձնել 8 տոկոս, իսկ 4 եւ աւելի կուսակցութիւններէ բաղկացած դաշինքներու պարագային` 10 տոկոս: