ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նիւ Ճըրզիէն հանրապետական քոնկրեսական Քրիս Սմիթ, որ հեղինակաւոր անդամ է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին, կոչ ըրած է՝ առնուազն 50 միլիոն տոլար յատկացնելու Արցախի ժողովուրդի ուտեստեղէնի, բնակարանային եւ բժշկական կարիքներուն։
Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբի ղեկավարներուն յղուած նամակին մէջ, Սմիթ մարդասիրական այս աջակցութիւնը կենսական կը նկատէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի վրայ կատարուած յարձակումին պատճառած վնասները դարմանելու ջանքերուն համար։
«Ատրպէյճանի յարձակումէն վեց ամիս ետք, Ուաշինկթըն յատկանշական աջակցութիւն չէ տրամադրած Արցախին։ Կ՛ողջունենք քոնկրեսական Սմիթի այս քայլը, ինչպէս նաեւ Հայաստանին եւ Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու համար Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի այլ անդամներու ջանքերը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։