ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի Երեւանի մէջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ Վրաստան վստահ է, որ Ղարաբաղի հարցին մէջ խաղաղ բանակցութիւնները եւ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունին, եւ որ պատրաստ է նպաստելու տարածաշրջանային երկխօսութեան:
Ան շեշտեց, որ Հայաստան եւ Վրաստան իրարու կապուած են պատմական ու բարեկամական յարաբերութիւններով` յայտնելով, թէ համոզուած է, որ ապագայ համագործակցութիւնը եւս այս ոգով պիտի շարունակուի: «Վրաստան եւ Հայաստան կը յատկանշուին իրենց պատմութեամբ, ինքնօրինակ մշակոյթով եւ հետաքրքրական աւանդոյթներով: Այս արժէքներուն վրայ պէտք է կառուցուի մեր երկիրներուն ապագան, որ պիտի ամրապնդուի հզօր պետական կառոյցներով, ժողովրդավարութեան, թափանցիկ կառավարման, տնտեսական յառաջընթացի եւ նորարարութեան միջոցով», յայտնեց Վրաստանի վարչապետը:
Ան տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած են համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւնները՝ տարբեր մակարդակներու վրայ։
Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին յայտնեց, որ հայ-վրացական գործընկերութիւնը տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման կարեւորագոյն երաշխիքներէն է: