ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջապէս պատասխանեց 19 Փետրուարին, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարութեան կողմէ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակարգին հասցէագրուած այն նամակին, որուն տակ ստորագրած էին առաւել քան 100 քոնկրեսականներ։
Սակայն, Հայ Դատը կը շեշտէ, թէ պատասխանը քոնկրեսականներուն կողմէ նշուած վեց կէտերէն ոչ մէկուն մասին հայութեան ակնկալիքները բաւարարած է։
Հայ Դատը կը դատապարտէ յատկապէս այն իրողութիւնը, որ հակառակ քոնկրեսականներուն այն պահանջին, թէ այդ գերիներուն անմիջական ազատ արձակումը ապահովելու ջանքերուն մէջ ամերիկեան կողմը պէտք է ղեկավարի դիրք ստանձնէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնիսկ չէ անդրադարձած աւելի քան 200 հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու ջանքերուն։
6 Մայիս թուակիր եւ նախարարութեան օրէնսդրական հարցերու օգնական Նազ Տուրքաօղլուի կողմէ ստորագրուած նամակին մէջ, իբրեւ պատասխան այն պահանջին, թէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն դէմ Արցախի մէջ մարդկային իրաւանց լուրջ ոտնակոխումներուն համար պատժամիջոցներ պէտք է որդեգրուին՝ նախարարութիւնը մերժած է յարձակող կողմ նկատել Պաքուն եւ Անգարան, նախընտրելով խօսիլ «անցեալ տարուան զինեալ բախումներ»ու տարազով։
Արցախը վերակառուցելու համար անմիջական յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու պահանջը եւս անպատասխան մնացած է եւ նախարարութիւնը միայն յիշեցուցած է, թէ բախումներէն տուժած կողմերուն համար 5 միլիոն տրամադրած է արդէն։
Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնը սառեցնելու եւ այլ պատժամիջոցներ որդեգրելու, ինչպէս նաեւ Պաքուի կողմէ արգիլեալ զէնքերու, ամերիկեան արհեստագիտութեամբ օժտուած անօդաչու թռչող սարքերու եւ վարձկան զինեալներու օգտագործումը դատապարտելու պահանջները եւս անտեսուած են։
Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ պահանջելու համար այցելեն կայքէջը, իսկ Արցախին եւ Հայաստանին յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու համար՝ կայքէջը։
Քոնկրեսականներուն նամակը տրամադրելի է՝ կայքէջին վրայ, իսկ նախարարութեան պատասխանը՝ կայքէջին վրայ։