ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան խոստացաւ աջակցիլ պաղեստինցիներուն այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճանին աջակցութիւն ցուցաբերած էր Արցախի վերջին պատերազմին ընթացքին:
Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան նիստին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին ան ըսաւ հետեւեալը. «Թուրքիա երբեք պիտի չհանդուրժէ Իսրայէլի յարձակումները պաղեստինցիներուն վրայ։ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը պարտաւոր է քայլեր ձեռնարկելու Երուսաղէմի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար»:
Էրտողան այս հարցը քննարկեց նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` առաջարկելով միջազգային խաղաղապահ ուժեր ուղարկել այդ տարածաշրջանը` պաղեստինցիները պաշտպանելու համար:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը եւ հրետանին Ուրբաթ օր սաստկացուցին Կազային ռմբակոծումը։ Ցարդ սպաննուած են առնուազն 120 պաղեստինցիներ եւ 8 իսրայէլացիներ։