ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութիւնը 9 Մայիսին, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) Թուրքիոյ Հանրապետութեան դէմ միջպետական գանգատ ներկայացուց` 44օրեայ պատերազմին ընթացքին սուրիացի վարձկաններ հաւաքագրելու եւ Ատրպէյճան տեղափոխելու միջոցով համաձայնագիրներու խախտումներ թոյլ տալու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանին զինուորական օժանդակութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ, որ նոյնպէս համաձայնագիրներու խախտում է: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց ՄԻԵԴի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը։
«Մասնաւորապէս Հայաստանի կառավարութիւնը պնդում է, որ Թուրքիան խախտել է Արցախի եւ Հայաստանի բնակչութեան կեանքի, խոշտանգումներից եւ անմարդկային վերաբերմունքից զերծ մնալու, անձեռնմխելիութեան, սեփականութեան, անձնական եւ ընտանեկան կեանքի, եւ մի շարք այլ իրաւունքներ: Կառավարութեան կողմից գանգատին կից ներկայացուել են բազմաթիւ եւ ծաւալուն ապացոյցներ Թուրքիայի կողմից Սիրիայի Հանրապետութիւնից Ադրբեջանի Հանրապետութիւն սիրիացի վարձկաններ հաւաքագրելու եւ տեղափոխելու, ինչպէս նաեւ Ադրբեջանական զինուած ուժերին ռազմական տեխնիկա, զէնք եւ զինամթերք մատակարարելու, ինչպէս նաեւ այլ միջոցներով հակամարտութեանը ներգրաւուելու վերաբերեալ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։