ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքներու սկսելու` Ռուսիոյ առաջարկին իբրեւ պատասխան՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդգծեց նման աշխատանքներու նախաձեռնելէ առաջ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ուժերը դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը, որմէ ետք միայն պայմաններ պիտի ստեղծուին քննարկումներու համար:
Այս մասին յայտնեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ «Արմէնփրէս»ին ներկայացնելով Հայաստանի մօտեցումները սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքներուն սկսելու՝ Ռուսիոյ առաջարկին նկատամամբ։
«Բարձր ենք գնահատում ռուսական կողմի ջանքերը ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծմանը նպաստելու ուղղութեամբ` պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակել սերտ համագործակցութիւնը, միաժամանակ ընդգծում ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան համար տարածքային ամբողջականութեան լիարժէք պահպանումը քննարկման առարկայ չի կարող լինել: Արձանագրում ենք, որ ադրբեջանական կողմի վերջին գործողութիւններն ակնյայտօրէն միտուած են ՀՀ, ՌԴ եւ ԱՀ առաջնորդների կողմից 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ին եւ 2021 թուականի Յունուարի 11ին արուած յայտարարութիւններով ստանձնած սեփական պարտաւորութիւնները չկատարելուն», նշեց Գրիգորեան: