ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութեամբ, 21 Մայիսին նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային հանդիպումը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժած Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները դուրս մղելու, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ոտնձգութիւնները բացառելու ուղղութեամբ իրականացուող գործողութիւններու ընթացքին:
Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկսելու հարցով Հայաստանի դիրքորոշման եւ ներկայացուցած նախապայմաններուն շուրջ:
Ընդգծուեցաւ, որ միայն վերջինները բաւարարելու պարագային պիտի ստեղծուին անհրաժեշտ պայմաններ` այդ ուղղութեամբ համապատասխան քննարկումներու սկսելու համար:
Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուց իր դիտարկումները: