ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան 24 Մայիսին ընդունեց Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու դեսպանները` Սերգէյ Քոփիրքինը (Ռուսիա), Ճոնաթան Լաքոթը (Ֆրանսա) եւ Լին Թրէյսին (Միացեալ Նահանգներ):
Անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին՝ ընդարձակ պարունակի մէջ, եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան հարցերուն:
Հանդիպման առանցքը հանդիսացաւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներթափանցման իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի սահմանամերձ մարզերուն մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը: Նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուց վերջին զարգացումները` վերահաստատելով Հայաստանի պատրաստակամութիւնը հարցը լուծելու քաղաքական-դիւանագիտական ուղիով:
Ա. Այվազեան անթոյլատրելի նկատեց Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ոտնձգութեան որեւէ դրսեւորում եւ ընդգծեց ատրպէյճանական զինուած ուժերուն` Հայաստանի տարածքէն անյապաղ եւ անվերապահ հեռանալու հրամայականը` իրավիճակի հետագայ լարումէն խուսափելու համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին ստեղծուած իրավիճակին մէջ ձեռնարկուող քայլերուն շուրջ:
Արա Այվազեան տարածաշրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան հարցերուն եւ Հայաստանի սահմանամերձ մարզերուն մէջ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն պատճառաւ ստեղծուած իրադրութեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրիի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին։ Նախարարի պաշտօնակատարը ընդգծեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներթափանցած Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն անյապաղ եւ անվերապահ դուրս բերման հրամայականը: