ՀԵՆՐԻ ՀԵՆՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի՝ Թեմիս երկար տարիներու բարերար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիան Իշխան շքանշանակիր՝ ձեռամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ու Հայ Կեդրոնին գլխաւոր բարերարի մահուան տխուր առիթով, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի դուստրերուն՝ ՏէՖնիյին ու Նաթաշային, թոռներուն, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, հարազատներուն ու բարեկամներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՀԵՆՐԻ ՀԵՆՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի՝ մահուան տխուր առիթով, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։