Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այն օրերուն, երբ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու խոհանոցը բաւական տաքցած էր, քաղաքական բեմին վրայ պայթեցաւ տագնապներու շղթային մէկ նոր օղակը (ոչ վերջինը), որ սուր բանավէճեր յարուցեց, հրապարակ բերաւ հերքումներ ու հաստատումներ, խոստովանութիւններ, որոնք, մեղմ ասած՝ դրական շատ բան չեն բուրեր:
Լուրերու եւ տեղեկատուութեան տարափը ըստ բաւականին ծանօթ է, նմանապէս՝ մեկնաբանութիւններուն յառաջացուցած (աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ վերանորոգած ու շեշտաւորած) գիծերը: Խօսքը կը վերաբերի այն փաստաթուղթին, ըստ որուն, Հայաստան եւ Ազրպէյճան կը պատրաստուին բանակցութիւն բանալու, ի խնդիր սահմանագծումի եւ «վիճելի կէտերու» յստակացման: Իշխանութիւնը սկզբնապէս «ամչկոտ» կեցուածք ունեցաւ, յետոյ հրաժարեալ վարչապետը, կառավարութեան նիստին եւ լուծարուած Ազգային ժողովին առջեւ հաստատեց, թէ նման փաստաթուղթ կայ, բանակցութեան նիւթ է, կան պայմաններ ու հակապայմաններ, թէ՝ ինք «ստորագրելու է» այդ փաստաթուղթը, որ, ըստ իր արժեւորումին, հարիւր առ հարիւրով ի նպաստ է Հայաստանին (հոս չվիճարկենք հաւաստիքը): Այս նորութեան առընթեր, 12 Մայիսէն ասդին ծագած մտավախութիւններն ալ նոր խորացում ապրած են, որովհետեւ, ամէնէն պարզ բառերով, խնդրոյ առարկայ են մայր Հայաստանէն հողեր (Արցախը գրեթէ մոռցուած է) Ազրպէյճանին անցընելու-յանձնելու մտավախութիւնը:
Փաստաթուղթին քննարկումն ու ստեղծուած բանավէճերը պահ մը ձգենք մէկդի (քննարկումը կ՛ընենք այլ սիւնակով մը), եւ աչքի առջեւ բերենք այն հողամասերը, որոնք ստեղծած են վէճը եւ մտավախութիւնները:
Հայաստանի մէջ, երբ կը խօսուի խնդրոյ առարկայ գօտիներուն մասին, հանրութիւնը հաւանաբար (գոնէ մեծ մասը) լաւ գիտէ, թէ ո՞ր գօտին կամ գիւղը ո՛ւր կը գտնուի, մինչդեռ, արտերկրի զաւակին՝ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը նոյնքան ծանօթ չէ, նշուած գօտիները կը մնան անունի սահմաններու մէջ: (Երբ այս մասին կը զրուցէի բարեկամի մը հետ, մտածում մը ծագեցաւ. Հայաստան ներթափանցումներով եւ խորհրդային տարիներուն իր ունեցած կարգ մը «կղզեակներ»ուն հարցը անուղղակիօրէն արծարծելով՝ Ազրպէյճան ձեւով մը… բարիք կ՛ընէ մեզի, որպէսզի մեր դիմաց դնենք քարտէսը եւ քիչ մը աւելի՛ մանրամասն ճանչնանք Հայաստանը: Փաստօրէն, Արցախի «աշխահագրութեան դասը» 90ականներէն ի վեր աւելի՛ լաւ սերտած ենք…): Ուրեմն, արագ նայուածքներով հետեւինք կցեալ քարտէսներուն:

ԹԻՒ 1 քարտէսը վերանկախացած Հայաստանն է, Արցախով միասին (44օրեայ պատերազմէն առաջ): Հոն, յստակօրէն կ՛երեւին այն գիծերը, որոնք ազերիական բանակները բազմատասնեակ քիլոմեթրներով հեռու կը պահէին Գեղարքունիքէն մինչեւ Սիւնիք երկարող սահմանագիծէն: Քառակուսիներու մէջ առած ենք երեք գօտի, որոնց վերաբերող կարգ մը մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացնենք յաջորդական թուանշաններով:

ԹԻՒ 2 քարտէսին մէջ կ՛երեւին Սիւնիքի սահմանային եւ ներքին այն շրջանները, որոնք ամիսներէ ի վեր մտահոգութեանց առարկայ են: Եթէ ընթերցողս հետեւի նետերով արձանագրուած թիւերուն, պիտի նկատէ հետեւեալները: Թիւ 1 նետը ցոյց կու տայ Սեւ լիճը, ուր շուրջ 3 քլմ. խորութեամբ տեղի ունեցաւ ազերիական առաջին (նորագոյն շրջանի) թափանցումը. հոն, ազերի զինուորները սկզբնապէս նկատուեցան «մոլորեալներ», յետոյ խոստովանութիւն եղաւ, որ 250 հոգիի մասին կարելի չէ խօսիլ «մոլորեալ»ով, թէ՝ մարդիկը եկած են հոն հաստատուելու համար, արդէն ճամբաներ կը բանան…: (Շատ չի խօսուիր այս դիրքին՝ դէպի Արցախ տանող ճամբուն վրայ տիրապետութեան մասին): Բարի լուրը այն եղաւ, որ որոշ ուժեր քաշուած են «ելման կէտեր», սակայն «ազերիական ուժեր կը շարունակեն մնալ Հայաստանի հողին վրայ»: Սեւ լիճէն դէպի արեւմուտք, թիւ 9 սլաքը կը նշէ Մեծ Իշխանասար բարձունքը, որ, ինչպէս կ՛երեւի, կը տիրապետէ Սիսիան-Գորիս (թիւ 7 նետով նշուած) գլխաւոր ճամբուն վրայ: Թիւ 6 նետը ցոյց կու տայ շրջանի կեդրոնական քաղաքը՝ Կապանը, որ ամիսներէ ի վեր ինկած է ազերիական ուժերու «հսկողութեան» տակ (քարտէսը կրնայ խաբուսիկ ըլլալ. ազերիական ուժերը կը գտնուին օդակայանէն հազիւ 500 մեթր հեռու): Թիւ 2, 3, 4 եւ 5 նետերը ցոյց կու տան Որոտանը, Շուռնուխը, Դաւիթ Բէկը եւ Խոզնավարը (կան սահմանամերձ այլ գիւղեր ալ), որոնց ուղղութեամբ ազերիական յառաջխաղացքներ արձանագրուած են (իշխանութեան հաւաստիքներով, ազերիական որոշ ուժեր այս շրջաններէն ալ վերադարձած են ելման կէտեր): Տեսանելի է, թէ այդ դիրքերը ինչպէ՛ս իրենց տիրապետութեան տակ առած են Գորիսէն Արցախ տանող մայր ճամբան (չենք նշած այլ կէտեր, որոնցմէ ազերիական բանակը կը հսկէ Գորիս-Կապան մայր ճամբան, փաստօրէն որոշ հողամասեր խլած է Հայաստան-Սիւնիքէն): Յիշեցման կարգով արձանագրենք, որ սահմանային այս գիւղերը չեն գտնուիր հայկական զինուժի ազդու պաշտպանութեան տակ, Երեւանի իշխանութիւնը ետ կը մնայ զինեալ բախումէ եւ թափանցող-գրաւող բանակայինները վանելու քայլէն (թէ՛ զինուժի տկարացման եւ թէ ռազմաքաղաքական նկատումներով, որոնք յետ-պատերազմեան եւ այլ պայմաններու բերումով՝ որոշ չափով արդարացում կը գտնեն): Վերջապէս, թիւ 8 նետով ցոյց կը տրուի Մեղրին, որ այլապէս վէճի նիւթ է, որովհետեւ Ազրպէյճան եւ Հայաստան, ռուսերու մասնակցութեամբ, կը բանակցին անոր վրայով Ազրպէյճան-Նախիջեւան ճամբայ մը բանալու մասին (ճամբաներու բացումը նկատի ունի նաեւ այլ սահմաններ): Սա, ըստ Հայաստանի (եւ ըստ 9 Նոյեմբերի աղէտալի պայմանագիրին), «ճամբաներու շրջափակումը վերցնել» կը նշանակէ, մինչդեռ Ազրպէյճան կը կրկնէ ու կը վերահաստատէ, որ ունի շատ աւելի լայնածիր ծրագիրներ. Ալիեւ չէ ծածկած, որ Զանգեզուրը կը նկատէ ազրպէյճանական գօտի (Գարեգին Նժդեհի եւ անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն, արիւնով եւ անհաւասար պայքարով Հայաստանին պահուած Սիւնիքը), իրեն համար, «Մեղրիի ճամբայ» չկայ, այլ կայ «Զանգեզուրի միջանցք», որուն խորութիւնը կրնայ Մեղրիէն մինչեւ (մօտաւորապէս) 100 քլմ. հիւսիս ըլլալ…: Այս ծիրին մէջ, դրական մը կրկնուեցաւ Երեւանէն, երբ Իրանի հետ բանակցութեանց առիթով, շեշտուեցաւ, որ նման միջանցք «բացարձակապէս անընդունելի է»: Ի՜նչ խօսք, որ այս կէտին մէջ Իրանի եւ Հայաստանի շահերը լիովին համապատասխան են իրարու, որովհետեւ «միջանցքը» պատճառ պիտի ըլլայ, որ Իրան խզուի Հայաստանէն եւ կորսնցնէ դէպի հիւսիս՝ կենսական ճամբայ մը:
Յաջորդ քարտէսին անցնելէ առաջ, պահ մը կանգ առնենք Ալիեւի (ու անոր ներշնչում տուող Թուրքիոյ) ծրագիրներուն վրայ, որոնք կը դասուին ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ խորագիրին տակ: Իշխանասարէն Նախիջեւան գիծը՝ Ազրպէյճանը Հայաստանէն խլուած Նախիջեւան (ու անոր վրայով Թուրքիա) հասցնող ամէնէն նեղ գօտիին մաս կը կազմէ. եթէ Ալիեւ (Թուրքիոյ հետ) գործի անցնի Զանգեզուրի «միջանցքը» ապահովելու նպատակով, Սիւնիքը գործնապէս կը բաժնուի Հայաստանէն, Հայաստանն ալ կը խզուի Իրանէն (որուն հետ այս օրերուն գործակցական ծրագիրներ կը մշակուին): Նման վտանգի մը բազում հետեւանքներուն մասին երկար խօսելու պէտք չունինք. վախճանական փուլը կրնայ ըլլալ մայր Հայաստանի այս մարզին հայաթափումը: Մինչեւ այդ յոռեգոյն բեմագրութեան իրականացումը (իսկ մենք կը հաւատանք եւ կը յուսանք, որ նման բան տեղի պիտի չունենայ, կարելի պիտի ըլլայ միանգամընդմիշտ սանձել թուրք-ազերիական ախորժակները), տեսանելի է, թէ ազերիական ուժերը ի՜նչ տարողութեամբ արդէն իրենց հակակշիռին տակ առած են Հայաստանի հարաւային գլխաւոր ճամբաները, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները ստիպուած կը զգան «խաղաղարար»ի պատմուճանով ներկայանալ:
Յիշեցման կարգով արձանագրենք հետեւեալը. երբ ազերիական ուժերը Շուռնուխ (եւ այլ տեղեր) մտան, կարգ մը հայ գիւղացիներ իրենց ձեռքով այրեցին իրենց բնակարանները եւ դարձան գաղթական («մանրուք» մը՝ Արցախի գաղթականներուն համեմատած): Իշխանութիւնները խոստացան իրաւազրկուածներուն եւ հայրենի բնակարան կորսնցնողներուն օգնութեան հասնիլ, այլ վայրերու մէջ անոնց տուն-հող տրամադրելով: Վաղը…

ԹԻՒ 3 քարտէսի մէջ կ՛երեւին Գեղարքունիք եւ Տաւուշի սահմանային եւ «ներքին» այն շրջանները, որոնք կիզակէտը դարձած են նորագոյն բանավէճին: Նախ նշենք, որ թիւ 1 նետը ցոյց կու տայ Վարդենիսը, որ տարիներ առաջ դուրս եկաւ քարտէսներու դարակներէն, երբ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը օրուան իշխանութիւններուն հետ հռչակեց Վարդենիս-Մարտակերտ ռազմագիտական ճամբու ծրագիրը, զայն իրականացուց համայն հայութեան ճիգերով եւ ներդրումով: Այդ ճամբան, Քարվաճառի Ազրպէյճանին «նուէր տրուելուն» հետեւանքով, մտաւ ազերիական գրաւման տակ: Նոյն Վարդենիսին արեւելեան սահմաններուն վրայ եւս արձանագրուեցան ազերիական թափանցումներ, հետեւեցան հեռացումի հաւաստիքներ: Ի դէպ, այս շրջանէն ներս թափանցումին հաստատման առիթով էր, որ հրաժարեալ վարչապետը խոստովանեցաւ, թէ Հայաստանի հողերուն վրայ կան ո՛չ միայն 250 զինուորներ, այլ 500-600 զինուորներ: Հիմա, պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ այն լուրերն ու տարաձայնութիւնները, թէ աւելի քան հազար ազերի զինուոր կայ Հայաստանի հողին վրայ, իսկ իրողապէս գրաւեալ տարածութիւններուն մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ:
Աւելի հիւսիս, թիւ 2 նետը ցոյց կու տայ Արծուաշէնը, որ խորհրդային տարիներուն, մաս կազմելով հանդերձ Ազրպէյճանի տարածքին, ճանչցուած էր իբրեւ Հայաստանի հողամաս: Իսկ վերի ձախ անկիւնին մօտ, թիւ 3 նետը ցոյց կու տայ այն գօտին, ուր կը գտնուին, հողամասեր եւ գիւղեր, որոնք խորհրդային տարիներու նոյն տրամաբանութեամբ, ճանչցուած էին իբրեւ Ազրպէյճանի հող: Մասնաւորաբար կ՛առանձնացուին Վերին եւ Ներքին Ոսկեպար գիւղերը (Բաղանիսի հարաւը), Սոֆուլուն եւ Բարխուդարլուն, բոլորն ալ «բազմած»՝ Երեւանը Վրաստանին կապող գլխաւոր ճամբուն վրայ: Արագ նշում մը. այս գօտին ալ կրնայ «ճամբաներու վերաբացման» քարտէսին վրայ տեղ ունենալ եւ Ազրպէյճանը ուղղակի Հայաստանի վրայով կապել Թուրքիոյ (հետը բերելով բազում «բարիքներ»):

ԹԻՒ 4 քարտէսը ցոյց կու տայ Երեւանէն դէպի Սիւնիք տանող գլխաւոր ճամբուն վրայ գտնուող՝ Տիգրանաշէն գիւղի շրջանը, որ նման է Տաւուշի ու Գեղարքունիքի վերոյիշեալ «կղզեակներուն»: Եթէ (կրկնենք՝ եթէ) սահմանագծումի ծրագիրները կատարուին այնպիսի ձեւով, որ այժմու մտավախութիւնները արդարանան, այս փոքր տարածքը, հայաթափումի վտանգին մատնուելու կողքին, ազերիական գործնական տիրապետութիւն պիտի հաստատէ յիշեալ գլխաւոր ճամբուն վրայ:
Այս «կղզեակներուն» կապուած են այլ մտահոգութիւններ, որոնք կ՛անցնին սոսկական հայաթափումի մտավախութենէն անդին: Եթէ ոչ անմիջապէս, այլ ուշ կամ կանուխ՝ Ազրպէյճանը պիտի արծարծէ պահանջ մը. այս կղզեակները չեն կրնար անջատուած մնալ Ազրպէյճանէն, հետեւաբար, անհրաժեշտ պիտի նկատէ, որ անոնք սահմանային տարածքներով կապուին մէկ կողմէ՝ նոյնինքն Ազրպէյճանի, իսկ Տիգրանաշէնի պարագային՝ Նախիջեւանի հողերուն: Հետեւութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ ընելը կը մնայ ընթերցողիս: Հայկական կողմը կը յիշեցնէ, որ Արծուաշէնն ալ ժամանակին նրբանցք մը ունէր Հայաստանին կապուելու համար…:
Ինչպէս նկատելի է, մեր այս սիւնակին մէջ չծանրացանք սուտ-իրաւ-չափազանցեալ տեղեկութեանց, հակասութեանց եւ սովորութիւն դարձած՝ ինքնահերքումներու վրայ, այլ բաւարարուեցանք վէճի եւ փոխադարձ մեղադրանքներու նիւթ եղող շրջաններուն քիչ մը աւելի մօտէն ծանօթացումով, ինչպէս ըսինք՝ Ազրպէյճանի կողմէ թելադրուած «աշխարհագրութեան դաս»ով: Քննարկումն ու մտավախութեանց արդար-անարդար ըլլալը կրնանք կատարել առանձին սիւնակով (անոնցմով ողողուած է Հայաստանի քաղաքական բեմը, մանաւանդ այս օրերուն, երբ կարելի է անոնցմէ առատ վառելանիւթ ապահովել… ընտրական մեքենաներուն համար. թէեւ պէտք է հաստատում մը կատարենք, որ տագնապին քննարկումը, մասնաւորաբար առողջ ուժերու կողմէ, չի կատարուիր ընտրական հաշիւներով, այլ հայրենիք պաշտպանելու, յաւելեալ հող չկորսնցնելու տրամաբանութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ): Հոս կ՛արժէ միայն արձանագրել նկատողութիւն մը. եթէ երեք քառակուսիները նշող քարտէսին վրայ տարբեր աչքով մը կեդրոնանաք, պիտի տեսնենք, որ խնդրոյ առարկայ գօտիներէն դուրս է Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան մարզերը, մասնաւորաբար Շիրակը, որուն գլխաւոր քաղաքին՝ Գիւմրիի մօտ կայ… ռուսական կարեւոր զօրակայան մը, այն կեդրոնը, որուն հեռացման-պարպումին համար տասնամեակներէ ի վեր քարոզչական եւ այլ գետիններու վրայ պայքար կը տանին «արեւմտասէր-ռուսատեացները»: Իսկ եթէ նկատի ունենանք, որ Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ ռուսական ներկայութիւնը վերջին ամիսներուն շատ աւելի շեշտակի դարձած է, կարելի է հետեւցնել, որ Հայաստան ինչպիսի՛ «կռուախնձոր» մըն է ներկայիս, ի տարբերութիւն՝ վերջին պատերազմը կանխող փուլին: Այլ խօսքով, «քաջերու սահմանները՝ իրենց զէնքով» խօսքը նորացուած է, իսկ Հայաստան, իբրեւ հետեւանք պատերազմին, աւելի քան 6 ամիս ետք ալ ինքզինք կը պահէ իրողապէս զինաթափ վիճակի մէջ: Եւ այս բոլորին դիմաց՝ տաք ընտրապայքար…
22-24 Մայիս 2021