ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ, 93 տարեկանին մահացաւ հալէպահայ գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ եւ բժիշկ Թորոս Թորանեան։ Ան ծնած է 1928ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը: Անոր ծնողները` Խաչերը եւ Վարդուհին, ծնած են Կիլիկեան Հայաստանի Այնթապ քաղաքի Ճիպին գիւղը:
Թորանեան բազմաոճ ստեղծագործող էր: Հեղինակն է «Աստղերու Ճամբան» (1960), «Կանաչ Տառեր» (1965), «Անտալուզեան Երգեր» (1979), «Կարօտի Ճամբաներով» (1990), «Մեծ Հօրս Պատմած Հեքիաթները» (1992), «Թող Հայաստանը Խօսի» (1998), «Կեանքի Կեռմաններով» (1999), «Վաւա եւ Սարգիս Խաչատրեան» (1983), «Ժամանակի վկան եւ ապագայի դեսպանը» (1990), «Անդրանիկ Ծառուկեան Արձակագիրն Ու Բանաստեղծը» (2000), «Ամբողջական Գրագէտը. Ռոպէր Հատտէճեան» (2002), «Զրոյցներ Կարպիս Սուրէնեանի Հետ» (2003), «Սիմոն Սիմոնեան Երեւոյթը» (2004) եւ այլ ստեղծագործութիւններու:
2012ին Թորանեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով: Ան Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ էր եւ վերջին տարիներուն կը բնակէր Հայաստան: