ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ուրբաթ օր, Քարվաճառի (Քելբաջար) մէջ, ատրպէյճանցի լրագրողներու փոխադրակառք մը ականի մը վրայէն անցնելով՝ պայթած է. մահացած են AzTV-ի եւ «Ազերթաճ»ի մէկական լրագրող եւ վիրաւորուած են քանի մը ուրիշներ:
APA գործակալութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, թէ մահացած է նաեւ լրագրողներուն հետ գտնուած երկրին արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղական ծառայութեան պետի տեղակալ Արիֆ Ալիեւ:
Ատրպէյճանի ներքին գործերոց նախարարութիւնը եւ դատախազութիւնը տարածեցին յայտարարութիւն մը՝ մեղադրելով Հայաստանը միջազգային օրէնքները «կոպտօրէն խախտելու» յանցանքով։
Քանի մը օր առաջ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Պաքու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին դիմած է` բողոքելով, թէ հայկական կողմը չի տրամադրեր ականապատուած տարածքներու քարտէսները: