ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 7 Յունիսի առաւօտեան, հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծի` Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժա գիւղի սահմանային հատուածին մէջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը անգամ մը եւս փորձած են ճարտարագիտական աշխատանքներ կատարել։ Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ըստ նախարարութեան՝ հայկական ստորաժաբանումներուն կատարած հակազդեցութեան գործողութիւններէն ետք, աշխատանքները դադրած են, մեքենան վերադարձած է սահմանի ատրպէյճանական հատուածը:
Ասոր զուգահեռ, նախորդող օրերուն, ատրպէյճանցիները կրակ բացին նաեւ հայ հովիւի մը ուղղութեամբ։ Գեղարքունիքի մարզի Գեղամասար խոշորացուած համայնքի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ իրավիճակը հանգիստ է. թշնամիին կողմէ վերջին անգամ կրակոցներ արձակուած են Կութ գիւղի ուղղութեամբ, 5 Յունիսին:
«Լրագիր»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին յայտնեց Ազատ գիւղի վարչական ղեկավար Սիմոն Սահակեան՝ նշելով, թէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի տարածքին մէջ` Ազատ, Կութ, Նորաբակ, Սոթք գիւղերու վարչական տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ Վարդենիսի ուղղութեամբ:
Ազատ գիւղը Կութէն հեռու է ընդամէնը մէկ քիլոմեթր. Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յառաջխաղացքին պատճառով գիւղի անասնակերը եւ հողերուն մէկ մասը մնացած է Ատրպէյճանի ուժերու վերահսկողութեան եւ դիտարկման տակ:
Համայնքի ղեկավարը ըսաւ, որ վերջին օրերուն Կութ գիւղին մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք, երբ ատրպէյճանցիները կրակեցին հովիւի մը ուղղութեամբ եւ առեւանգեցին խոշոր եղջերաւոր կենդանիներ, Ազատ գիւղին մէջ մարդիկ անհանգիստ են։
«Մարդկանց տրամադրութիւնը շատ վատ է, լաւ բան չկայ: Ոչ թէ անասունների ու հողերի խնդիրն է, այլ հէնց մարդկանց անվտանգութեան համար էլ է այս վիճակը վատ: Ես չգիտեմ, թէ ոնց պէտք է լուծում տրուի, բան չեմ կարող ասել, մենք ինչ կարանք անենք: Կարող է` սպասում են ընտրութիւններից յետոյ լուծեն էս հարցերը, ով գիտի` ինչ կը լինի: Բայց մարդիկ արդէն գնում են գիւղից», ըսաւ ան:
Ըստ Սիմոն Սահակեանի՝ Գեղարքունիքի սահմանամերձ համայնքներու բարձրադիր գօտիներուն մէջ այսօր Ատրպէյճանի ուժերը տեղակայուած են:
«Գիւղերը, ամբողջ Վարդենիսը դիտարկում են, ամենաբարձր տեղերն իրենք են: Իրենք իրենց համար նստած մնում են մեր տարածքում, ճարտարագիտական գործեր են անում, աւելի են ամրապնդւում: Եւ տպաւորութիւն է, որ նրանց կարելի է, մեզ չի կարելի», աւելցուց Սահակեան: