ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներու հանդիպման սեմին կատարուած յայտարարութեամբ մը Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը Ուրբաթ, 11 Յունիս թուակիր նամակով մը կոչ ըրաւ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին, որ Անգարայի եւ Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ պարտադրէ, եթէ ատրպէյճանական ուժերը անյապաղ չհեռանան Հայաստանի հողերէն եւ բոլոր հայ գերիները չվերադարձուին։
Քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոնի, Կաս Պիլիրաքիսի, Ճեքի Սփիրի, Տէյվիտ Վալատաոյի եւ Էտըմ Շիֆի կողմէ ստորագրուած նամակին մէջ կը շեշտուի, որ Էրտողանի եւ Ալիեւի վարչակազմերը ցոյց տուած են, որ պիտի շարունակեն իրենց բռնարարքները եւ միջազգային օրէնքներու խախտումները, մինչեւ այն ատեն, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժական խիստ քայլեր չեն առնուիր անոնց դէմ։
Նամակին մէջ նաեւ կը շաշտուի, որ ամերիկեան արհեստագիտութիւն եւս գործածուած է Արցախի եւ Հայաստանի վրայ անցեալ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած յարձակումներուն ընթացքին։
Նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, «Ի պաշտպանութեան քրիստոնեաներու»ը եւ ամերիկացի յոյն ղեկավարները դրուատեցին Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին այս