ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) նախագահ Փեթըր Մաուրեր պատասխանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի` Ատրպէյճանի կողմէ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու շուտափոյթ վերադարձին վերաբերող նամակին:
Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի նախագահը կը հաստատէ, որ Հայաստանի նախագահին կողմէ բարձրացուած հարցերը իր եւ իր ղեկավարած կազմակերպութեան ամբողջական ուշադրութեան առարկայ են։
Նշելով, որ 1992էն ի վեր Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէն շարունակաբար գործուն ներկայութիւն եղած է տարածաշրջանին մէջ, Փ. Մաուրեր յատկապէս կը շեշտէ, որ Սեպտեմբեր 2020ին սկսած ռազմական գործողութիւններու առաջին իսկ օրերէն, կազմակերպութիւնը հանդէս եկաւ մարդասիրական օգնութեամբ եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց հետագայ գործունէութիւն ծաւալել` միջազգային հանրութեան կողմէ ԿԽՄԿի տրամադրած մարդասիրական առաքելութեան ծիրին մէջ: