
(Ծնեալ՝ 29 Մարտ 1926ին, Իսֆահան, Իրան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հօրաքրոջ եւ հարազատին՝ Վալերիա Ղարաբէգեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 28 Մայիս, 2021ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 23 Յունիս 2021ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Forest Lawn Hollywood Hills գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ (կարմիր եկեղեցի). ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Արմէն եւ Հիլդա Ղարաբէգեան, դուստրը ՝ Անայիս եւ զաւակը՝ Շանթ
Զաւակը՝ Արեգ եւ Ժենիկ Ղարաբէգեան եւ զաւակը՝ Րաֆֆի
Եղբայրը՝ Վահէ եւ Իռէն Աղանեան
Եղբօր զաւակը՝ Ռոստոմ եւ Հերմինէ Աղանեան եւ զաւակները
Եղբօր զաւակը՝ Հարմիկ եւ Քրիսթինէ Աղանեան եւ զաւակները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Anoush Banquet Hall-ին մէջ, 1320 W. Glenoaks Blvd., Glendale CA 91201։
ՎԱԼԵՐԻԱ ՂԱՐԱԲԷԳԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ իրենց ընկերներէն Արմէն Ղարաբեգեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։