Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ողջունեց 15 հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Վրաստանի կառավարութեան՝ այս հարցին շուրջ «կողմերու նմիջեւ երկխօսութիւն նախաձեռնելուն գծոով ունեցած կենսական դերակատարութեան համար»։

Նախարարութիւնը նաեւ ողջունեց Ատրպէյճանի կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցելու՝ Հայաստանի որոշումը, պնդելով, որ այդ քայլը կը նպաստէ ականազերծման։
«Այսպիսի քայլեր շրջանի ժողովուրդները կը մօտեցնեն խաղաղ ապագային, որուն արժանի են անոնք», յայտարարեց Պլինքըն՝ աւելցնելով, որ բոլոր ձերբակալուածները պէտք է վերադարձուին, ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է աջակցելու շրջանի երկիրներուն՝ համագործակցութիւնը շարունակելու եւ չլուծուած հարցերը լուծելու համար։
«Մենք նաեւ կը յորդորենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ վերականգնել առարկայական բանակցութիւնները՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիին տակ՝ հակամարտութեան համապարփակ քաղաքական լուծում գտնելու համար», եզրակացուց ան։
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտնեց, թէ Մոսկուա կ՛ողջունէ Ատրպէյճանին տրուած ականապատ շրջաններու քարտէսներուն փոխարէն Երեւանին 15 ռազմագերիներ վերադարձնելու փաստը, զայն «երկար սպասուած եւ հիանալի լուր» որակելով: