ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Երեքշաբթի, 25 Մայիսին, Լոս Անճելըսի մէջ Իրաքի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ եզակի գնահատանքի ձեռնարկ մը, գլխաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Իրաքի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Սալուան Սինճարիի։

Մարտ 2021ին, իրաքահայ ճարտարագէտ Համբարձում Աղպաշեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսաւ «Իրաքահայութեան Արդի Պատմութիւնը» խորագիրով արաբերէն 420 էջնոց շատ հետաքրքրական եւ բովանդակալից հատորը։
Այդ հատորին բացման եւ սրտի խօսք մը գրած էր հիւպատոս Սինճարի, իսկ օրհնութեան գիր մը ղրկուած էր նաեւ իրաքածին հոգեւորականներէն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ համայն Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Գերագոյն Խորհուրդի անդամ Վահան արք. Յովհաննէսեանի կողմէ։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պեվըրլի Հիլզի հիւպատոսարանին շքեղաշուք շէնքին մէջ: Ներկայ էին հիւպատոսարանի կողմէ հրաւիրուած Լոս Անճելըսի մէջ գործող ծագումով իրաքցի միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Հայ միութիւններէն ներկայ էին Իրաքահայերու Ընտանեկան միութեան, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան եւ Իրաքի ՀԲԸ Միութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հիւպատոսարանի աշխատակազմի անդամներ։
Փոխհիւպատոս Աքիտ Սուտանի բարի գալուստի շատ ջերմ ու սիրալիր խօսքով ողջունեց ներկաները։ Ան սրտանց շնորհաւորեց մեր հայրենակից՝ը ճարտարագէտ՝ Համբարձում Աղպաշեանը, որ նման հոյակապ հատորով մը ծանօթացուց Իրաքի պատուաբեր հայ համայնքը։
Գլխաւոր խօսքը վերապահուած էր գլխաւոր հիւպատոս Սինճարիին, որ մասնագիտութեամբ պատմաբան է եւ Իրաքի համալսարաններու մէջ պատմութեան դասախօս եղած է։ Ան գնահատանքի շատ գեղեցիկ խօսքերով արժեւորեց Համբարձում Աղպաշեանի այս հատորը, որ շատ գեղեցիկ ձեւով տուած է իրաքահայութեան ընդհանուր պատմութիւնը, ու մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Իրաք ապաստան գտած եւ Իրաքի ժողովուրդին հետ սերտօրէն շաղուած հայութեան կեանքը։
Գլխաւոր հիւպատոսը, յիշեց թէ Իրաքի ժողովուրդը լայնօրէն եւ սիրով իր սիրտը ու տունը բացաւ գաղթական եւ Ցեղասպանութենէն ազատած հայերուն, եւ ուրախ էր ըսելու, որ հայերը միշտ ալ երախտագիտութեամբ կը յիշեն այդ։ Նմանապէս, Սինճարի բարձր գնահատեց Իրաքի ժողովուրդին՝ հայերուն բերած նպաստին համար։ Հիւպատոսին այս խօսքերը խորապէս յուզեցին ներկայ եղողները, մանաւանդ ներկայ իրաքահայերը։

Վերջապէս խօսքը տրուեցաւ մեծարեալին՝ Համբարձում Աղպաշեանին։ Ան շատ յուզուած էր. ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց գլխաւոր հիւպատոսին, որ յօժարեցաւ գիրքին բացման խօսքը գրելու։ «Այս հատորը ձեւով մը Իրաքի ազնիւ ժողովուրդին եւ իշխանութեան շնորհակալութիւն յայտնելու արարք մըն է, քանի որ ջարդէն ազատուած մեր ծնողներուն մէջ ըլլալով հայրս՝ Մինաս Աղպաշեան, այդ օրհնեալ երկրին եւ ժողովուրդին հետ ապրելով, կրցանք ողջ մնալ եւ մեր նպաստը բերել հայրենիք Իրաքին, ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան», ըսաւ Աղպաշեան։
Ապա գլխաւոր հիւպատոսը գնահատագիրով մը պարգեւատրեց «Իրաքահայերու Արդի Պատմութիւն» գիրքի հեղինակը, շեշտելով եւ յուսալով, որ նման հանդիպումներ յաճախ տեղի ունենան հիւպատոսարանին՝ «Ձեր տան մէջ»։
Ներկայ եղող հայ միութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հերթին, իրենց յուշանուէրներով շնորհաւորեցին Աղպաշեանը, որմէ ետք բոլոր ներկաները անցան շատ ճոխ հիւրասիրութեան սեղանին։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր հայրենակիցը՝ Համբարձում Աղպաշեանը, այս գնահատանքին առիթով, նորանոր հրատարակութիւններու մաղթանքներով։