ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորի Գիրքի ակումբին՝ Հինգշաբթի, 24 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը» հատորին նուիրուած առցանց քննարկում մը:
Քննարկումին կարելի է մասնակցիլ Zoom հարթակին միջոցաւ.
Meeting ID: 864 7185 3213
Passcode: 406800:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 679-5677 թիւին։
«Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը» հատորը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։