Sոքթ․ Գէորգ Քէշիշեան
Յայտնի մշակութային գործիչ Յովհաննէս Հաննէսեանի մահուան (Յունիս 13, 2013) 8րդ տարելիցին առիթով, ստորեւ կու տանք անոր ծննդեան 80ամեակին առիթով (2008) Արեւմտեան թեմին կազմակերպած ձեռնարկին ընթացքին հանգուցեալ տոքթ․ Գէորգ Քէշիշեանին արտասանած ճառը․
Յովհաննէս Հաննէսեան սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ ա՛յն քիչերէն է, որ իր վաստակով լիովին կ՛արդարացնէ Յովնան սրբազանին արտայայտած մէկ միտքը՝ թէ «ողջունելի են անո՛նք որոնք կը կենսագործե՛ն, կը թրծե՛ն, կը ծաղկեցնե՛ն աստուածատուր իրենց շնորհքներն ու տաղա՛նդը, գեղեցկացնելով նախ՝ իրենց անձը, ապա նաեւ՝ իրենց շրջապատը․․․ Յովհաննէս Հաննէսեան կը պատկանի երախտաւորներու այդ փաղանգին։ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ ճողոպրած համեստ ընտանիքի զաւակ, ան իր ուսումը կը ստանայ Պէյրութի Սահակեան Բարձրագոյն վարժարանին մէջ։
Իրերամերժ մթնոլորտի մէջ մեծցող, չքաւոր, բայց ուսումնատենչ այս պատանին, կը յաջողի ընդունուիլ, ի զարմանք բոլորին, Պէյրութի Ազգային Ճեմարանը, ուր, ազգային մեր տիտաններու՝ Լեւոն Շանթի, Աղբալեանի հայաբաբախ շունչին տակ կը դարբնուի ան։ Կը տիրանա՛յ արեւմտահայ լեզուի նրբութիւններուն թէ հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան հիմնական գիտելիքներուն։ Հայեցի դաստիարակութեամբ եւ գիտութեամբ զինուած, կը նետուի կեանքի ասպարէզ։ Չորս տարի ուսուցիչ է Պէյրութի Սահակեան վարժարանին մէջ։ Ապա պաշտօնեայ՝ Պէյրութի Federal Bank֊ին մէջ, վեց տարի։ Հայ գրականութեան, հայ դպրութեան հանդէպ իր տածած խանդավառութիւնը, իր «պանքայ»֊ի մէջ սորված հաշուապահութիւն, գործարարութեան գաղտնիքները եւ իր նոյնքան մշակութասէր, տպագրիչ եղբայր՝ Կարապետ Հաննէսեանի մասնագիտութիւնը իբրեւ հիմ գործածելով, եղբայրները 1952ին հիմը կը դնեն «Շիրակ» հաստատութեան՝ գրատուն, հրատարակչատուն, տպարան, որ կոչուած էր այնուհետեւ, դառնալու սփիւռքահայ մեր ազգապահպանման հզօր գործօններէն մէկը։
Ես 55 տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւն եմ մշակած Յովհաննէսին եւ իր ընտանիքին հետ, իր կնոջ՝ աննման, հաւատարիմ, հեզահամբոյր, իր ամենավստահելի խորհրդատուն, եւ պահապան հրեշտակը հանդիսացող՝ Սօսի Գեւոնեան Հաննէսեանի, իր երկու պատուական զաւակներուն՝ Շահէին եւ Հրաչին։ Յովհաննէս բախտաւո՛ր է տակաւին իր հինգ սիրասուն թոռներով։
Յովհաննէսին վաստակին հաշուեկշիռը եթէ կ՛ուզենք ընել, կը բաւէ որ թուենք իր գործունէութեան, իր իրագործումներուն բնագաւառները՝ մշակոյթի գործիչ, կրթական մշակ, հրատարակիչ, գրողն ու բառարանագէտն հրապարակագիր եւ մտաւորական։
Կրթական վաստակաւոր մշակը
Հեղինակած է բազմատասնեակ գրքոյկներ հայ լեզուի ուսուցման մարզէն ներս։ Ան եւ իր գրասէր, տպագրիչ եղբայրը՝ Կարապետ Հաննէսեան, դարբինները կը հանդիսանան Մեծ Եղեռնէն փրկուած եւ Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու մէջ կայք հաստատած թրքախօս զանգուածներու մօտ հայ երաժշտութեան, հայկական ժողովրդական երգերու տարածման փրկարար աշխատանքին։ Հաննէսեանի ազգաշէն ճիգերը կը պսակուին յաջողութեամբ։ «Շիրակ» երգարանները, պարզ թէ ձայնագրեալը, կը կատարեն եզակի եւ ճակատագրական դեր։ Հայ ժողովրդական երգերու խմբագրութիւնը, հրատարակութիւնը, տարածումը Սփիւռքի մէջ, կը պարտինք Հաննէսեան եղբայրներու այս երգարաններուն։ Նորանոր երգիչներ քաջալերուեցան եւ դարձան հռչակաւոր՝ շնորհիւ «Շիրակ»ի երգարաններուն եւ անոնցմով հայ երգը, հայ տոհմիկ թէ աշուղական երաժշտութիւնը ժողովրդական դարձաւ․․․։ Այսօր հաճոյքով կը հաստատենք, որ «Շիրակ»ի երգարանները մուտք գործած են ամէն հայախօս, հայաբաբախ օճախներէն ներս, քիչ մը ամէն տեղ․․․։
«Շիրակ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած են մեր գրականութեան դասական եւ ժամանակակից բազմաթի՛ւ հեղինակներ, ինչպիսիք՝ Գրիգոր Զոհրապ, Անդրանիկ Ծառուկեան, Յակոբ Պարոնեան, Յովհաննէս Շիրազ, Եղիշէ Չարենց, Լեւոն Վարդան, եւայլն։
Ան քաջալերած է մե՜ծ թիւով սկսնակ գրողներ, որոնց կարգին ենք նաեւ մե՛նք, իր վաղեմի երկու բժիշկ բարեկամները՝ տոքթ․ Յարութիւն Սաղրեան, որ իր անդրանիկ հեղինակութիւնը կատարած է «Շիրակ»ով՝ «Մինչեւ Բժիշկին Ժամանումը» խորագրեալ հատորով։ Իսկ ես՝ 50ական թուականներուն, Միջին Արեւելքի մէջ խաւարի եւ տգիտութեան մէջ տուայտող նորահաս սերունդին ուղղուած սեռային եւ մանկաբուժական ֊դաստիարակչական չորս հատորներուս հրատարակութիւնը կը պարտիմ Յովհաննէս Հաննէսեան կրթական մշակին եւ «Շիրակ» հրատարակչատան նախաձեռնութեան․․․։
Հայ մշակոյթին սպասարկելու կիրքին, անպարագիծ տեսիլքին, նորարարական ողջունելի՛ ոգիին կը պարտինք անտարակոյս, «Շիրակ» հաստատութենէն հարիւրաւոր գիրքերու, գրական, գեղարուեստական, գիտական, բժշկագիտական, առողջապահական, մանկավարժական երկերու լոյս ընծայումը անցնող 60֊տարիներու ընթացքին։ Ինչպէս նաեւ բառարաններու հրատարակութիւնը ի՛ր իսկ աշխատասիրութեամբ եւ խմբագրութեամբ, երկու լեզուներով, հայերէն-անգլերէն, անգլերէն-հայերէն։

Ազգային ֊Հասարակական Գործիչ ու Հրապարակագիր
Իր սիրած, թիթեղաշէն պատերով բայց ադամանդեա՛յ հայութեամբ բաբախուն վարժարանին՝ Պէյրութի Սահակեան Բարձրագոյն վարժարանի մէջ, չորս տարիներ պաշտօնավարելէ ետք, ան, մա՛ս կազմած է այդ լուսոյ տաճարին հոգաբարձական մարմնին։ Ան եղած է նաեւ հիմնադիր անդամներէն մէկը, Յարութիւն Կուժունիի եւ այլոց հետ Հայկական Կրթական Բարեսիրական միութեան, որը յաջողեցան Պէյրութի մէջ, թիթեղաշէն Սահակեան Վարժարանը փոխարինել քարաշէն պատկառելի համալիրով մը։
Ան աշխատակցած է եւ մինչեւ հիմա կ՛աշխատակցի հայ մամուլին։ Շատ չի՛ գրեր, բայց երբ գրէ՛ կամ կ՛արտայայտուի յօդուածով մը կատարողական ձեռնարկի մը մասին, կը կարդացուի հետաքրքրութեամբ, անթերի եւ տպաւորիչ հայերէնով, խորաթափանց վերլուծումներով։ Չի գրեր սակայն մէկու մը կամ ձեռնարկի մը մասին, եթէ դրական բան մը չունի ըսելիք։ Որպէս ներհուն հրապարակագիր ան, Լոս Անճելըսի մէջ ստանձնեց մէկ տարիով «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը կամաւորապէս։ Այդ ժամանակաշրջանին իր խմբագրականները իրենց շօշափած ազգային պարունակով, յետագային նիւթերը դարձան իր հրատարակած «Գաղթը Վէրքով ու Երգով» երկին, որ լոյս տեսաւ 1988֊ին։ 217 էջնոց այս հատորը կ՛արժէ որ կարդաք, որովհետեւ ան ամերիկահայ մեր կեանքին պատկերալից, իրապաշտ պատմութիւնն է․․․ ձեւով մը, նոր օրերու Շահան Շահնուրի հեղինական «Նահանջը Առանց Երգի» պարունակով․․․։ «Գաղթը Վէրքով ու Երգով» գործը աւելի քան հարիւր դրուատալից գրախօսականներու արժանացած է Սփիւռքի թէ Հայաստանի ականաւոր գրիչերու կողմէ։
Յարաշարժ մտաւորականը
Ճշմարիտ մտաւորական որպէս, ան «Շիրակ» հրատարակչատան համեստ գրասենեակը 50ական, 60ական, 70ական թուականներուն դարձուցած էր Պէյրութի հայ մտաւորականներու, գործիչներու համազգային ժամադրավայրը։ Հոն էին դաշնակցականը, հնչակեանը, ռամկավարը, «չեզոք»֊ը, առաքելականն ու կաթողիկէն։ «Շիրակ»֊ի մէջ կը ծեծուէին օրուան հրատապ հարցերը, կը քննուէին լոյս տեսած ստեղծագործութիւնները․․․։ Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիս Իսահակեանի Թիֆլիսի մէջ հաստատած եւ նշանաւոր դարձած՝ «Վերնատունը» կարծէք փոխադրուած ըլլար «Շիրակ» հրատարակչատուն։
Հետաքրքրական է հաստատել, որ Յովհաննէս Հաննէսեան, իր շուրջ հայ մտաւորականներ հաւաքելու աւանդութիւնը փոխադրած է հոս, Լոս Անճելըս, ապա Կլենտէյլի իր գրատունը, զայն վերածելով հաւաքավայրի։ Տարբեր քաղաքական ուղղութիւն ունեցող մտաւորականներ, ի մի կու գան ամէն շաբաթ եւ 2-3 ժամ համով-հոտով եւ զուարթախոհութեամբ կը ծեծեն ազգային հրատապ հարցեր։
* * *
Սիրելի Յովհաննէս, վարձքդ կատար․․․ կեանքդ անտարակոյս դարձաւ հոգեկան, հայրենասիրական, ազգասիրական ապրումներու, ազնուական զգացումներու օրրան։ Կէս դարէ աւելի ծառայեցիր հայ գիրին, հայ դպրութեան, հայ մշակոյթին։ Բերիր առիւծի բաժինդ ազգապահպանման մեր պայքարին, հրատարակութիւններովդ, «Շիրակ» երգարաններովդ, գրիչովդ, խօսքովդ թէ յարատեւ ստեղծագործ եւ շինարար աշխատանքովդ։ Սպասարկեցիր, գեղեցիկին, ազնիւին, բարիին, օգտակարին, համազգային վեհ իտէալներու հաւատարիմ, յարգուեցար ու կը շարունակես յարգուիլ։ Իսկ վարձատրութի՞ւնդ․․․ վարձատրութիւնդ դո՛ւն պիտի գտնես մեր անմահ բանաստեղծին, Վահան Թէքէեանի հետեւեալ տողերուն մէջ․
Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց․․․
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ ա՛յն միայն․․․
Ինչ որ տուի ուրիշին, վերադարձաւ անուշցած
Մնալու ինձ հետ յաւիտեան․․․։