ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Վճռական ենք աջակցելու Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերներու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան, կ՛ըսուի Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ գերաստիճանի արդիւնքներու յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուեցաւ Սպիտակ տան կողմէ։
«Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մտադիր են Հարաւային Կովկասի մէջ աջակցիլ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու ջանքերուն։ Վճռական ենք աջակցելու Արեւելեան գործընկերներու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան եւ պիտի պաշտպանենք Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Մոլտովայի բարեփոխումներու ուղին։ Մենք վճռական ենք նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան հասնելու առումով», կը նշուի Միացեալ յայտարարութեան 28րդ կէտին մէջ: