
(Ծնեալ՝ 4 Օգոստոս 1967ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր եւ հարազատին՝ Ալին Հապէշեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 22 Յունիս 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 5։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Ժիրայր Հապէշեան
Զաւակը՝ Րաֆֆի Հապէշեան
Հօրաքոյրները՝ Անի եւ Ճորճ Սահակեան եւ զաւակները (Գանատա)
Արտա Նորընծայեան եւ զաւակները (Գանատա, Լիբանան)
Զարմիկները՝ Սալբի եւ Աւագ Աւագեան եւ զաւակները
Վերա եւ Անդրանիկ Խաչատուրեանց եւ զաւակները
Խաչիկ Խաչատուրեան եւ զաւակները
Եւ համայն Չորպաճեան, Մաթաթեան, Դուրեան, Աւագեան, Պապիկեան, Պաղտատեան, Պետոյեան, Պէքարեան, Պէհէսնիլեան, Բորնազեան, Էշքիեան,Ղազարեան, Յակոբեան, Յովակիմեան, Գալայճեան, Գազանճեան, Գէորգեան, Գրիօղլեան,Գույումճեան, Մուրատեան, Նալպանտեան, Նազարեան, Սէփէթճեան, Սուլահեան, Սիվազլեան, Թերզեան եւ Վարդապետեան, ընտանիքները, ընկերներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Levon Habeshian Foundation-ին:
ԱԼԻՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայնտեն հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԱԼԻՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, իր բոլոր մասնաճիւղերը եւ «Հրաշք» խորհուրդը իրենց խորագաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն եւ զաւակին՝ իրենց անդամներէն Ժիրայր եւ Րաֆֆի Հապէշեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։