Նորոգ վախճանեալ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքի մահուան առթիւ, 5 Յունիսին Հռոմի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու մայրավանքի շրջափակին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ նախագահութեամբ Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ քարտինալ Լէօնարտօ Սանտրիի:
Իր պատգամին մէջ, քարտինալ Լէօնարտօ Սանտրի յայտնեց, թէ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքի տառապանքը միահիւսուեցաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքին, իր ծննդավայր Սուրիոյ, նաեւ Լիբանանի տառապանքին հետ, որ կը կրէ պատերազմի, բռնութեան, անկայունութեան եւ համաճարակին վէրքերը՝ հրաւիրելով ներկաները իրենց սիրտերուն մէջ խորհելու պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին ու բոլոր այդ պահերուն համար գոհաբանութիւն յայտնելու Աստուծոյ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք մայրավանքի բակին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ՝ ի յիշատակ պատրիարքի հոգւոյն:

Յայտնենք, որ Շաբաթ, 29 Մայիսի առաւօտեան, Լիբանանի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները:
Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ հանդիսապետութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր կառավարիչ, Բերիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի: Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքը, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներ ներկայացնող հոգեւորականներ: Վերջին օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր ուրբաթ, 28 Մայիսին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Աւետման եկեղեցւոյ մէջ:
Երջանկայիշատակ հոգեւոր տիրոջ թաղումը կատարուեցաւ Զմմառու վանքի պատրիարքներու յատուկ դամբարանին մէջ: