Ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան մրցումներուն՝ Հայաստանի հաւաքականի երկրորդ ոսկէ մետալը նուաճեց Արէն Իսրայէլեան, 71 քլկ. դասակարգին մէջ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի ըմբշամարտի դաշնակցութիւնը:
Նշենք, որ 55 քլկ. դասակարգին մէջ, ոսկէ մետալ նուաճած էր Անդրանիկ Աւետիսեան:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն պրոնզէ մետալակիր դարձան Սարգիս Բեգոյեան (48 քլկ.), Անուշաւան Բարսեղեան (65 քլկ.) եւ Նարեկ Գրիգորեան (80 քլկ.):
Հայաստանի հաւաքականը գրաւեց 3րդ դիրքը։