Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ալիեւ-Էրտողան սպասուած հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 15 Յունիսին, բռնագրաւուած Շուշիի մէջ, ուր հայկական յուշակոթողներ եւ հայութեան հետքեր կը փճացուին ամիսներէ ի վեր: Հանդիպումէն ծնունդ առին «կառուցողական» քանի մը քայլեր. Էրտողան յայտարարեց, որ քաղաքին մէջ թրքական հիւպատոսարան պիտի բացուի: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման ծրագիրը ընթացքի մէջ է, Հայաստանին հրաւէր ուղղուեցաւ ընդառաջելու եւ «օգտուելու առիթ»էն: Մուրճը ձեռքին՝ ընտրապայքարի ելած Ն. Փաշինեանէն արձագանգ մը ծագեցաւ, թէ՝ Ազրպէյճան պէտք է հեռանայ գրաւեալ տարածքներէն (եւրոպացիք ու այլ երկիրներու վարիչներ ալ կ՛ըսեն նոյնը, ո՛չ մէկը քայլ կ՛առնէ): 15 գերիներու տունդարձի «շինիչ քայլ»ին դիմաց, Աղտամի շրջանի ականապատուած դաշտերուն քարտէսը փոխադարձ «շինիչութեամբ» Ալիեւին ղրկած Փաշինեան հիմա ինչպիսի՞ «շինիչ քայլերով» պիտի փոխադարձէ Շուշիէն հնչած կոչերուն: Պէտք չէ անտեսել «Ազրպէյճանի պատկանող կղզեակներ»ու ընտրանքը, նաեւ երազներ մշակել ճամբաներու «ապաշրջափակում»ին հեռանկարով…

***
Քանի մը օր առաջ, Ազրպէյճան «կառուցողական» այլ քայլ մըն ալ առաւ. լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեան 20 տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ՝ իբրեւ «խափանարար»: Մարդը 9 Նոյեմբերի յայտարարութնէն ետք Շուշի կ՛ուղղուէր, հոն մնացած անձնական իրերը Հայաստան փոխադրելու համար: Գերի բռնուեցան երկուքով, իրեն ընկերացող կինը քանի մը ամիս ետք ազատ արձակուեցաւ, Վիգէնը հիմա կը ճաշակէ «կառուցողական» վճիռ մը: Հայաստան լուռ է. Փաշինեան եւ «ուսապարկերը» հաւանաբար հնարք մը կ՛որոնեն՝ «կառուցողական քայլ»ով մը փոխադարձելու համար: Կան բազմաթիւ այլ գերիներ ու դատարան քաշուած «մեղաւորներ»: Հո՞ս ալ «կղզեակներ»ը…