«ԱՅՍ ԶԱՆԳԸ ՁԵՐ ԱՊԱԳԱՅԻ ՁԱՅՆՆ Է, ՁԵՐ ՊԱՅՔԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂՑՐ ԿԱՆՉԸ»
Հինգշաբթի 3 Յունիս 2021ի յետմիջօրէին, Փասատինայի Պլեր հանրային վարժարանի նորաբաց Հայկական Ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Վերջին զանգ» հանդիսութիւնը, որ ունէր վարժարանի շրջանաւարտներուն անդրանիկ հանդէսը ըլլալու նշանակութիւնը:
«Վերջին զանգ»ը տեղի ունեցաւ միջնակարգ դասարաններու մասնաշէնքի գաւիթին մէջ: Բացի վարժարանի վարչութենէն, ուսուցիչներէն եւ ծնողներէն ներկայ գտնուեցան նաեւ ծերակուտական Փորթանթինոյի գրասենեակի երկու ներկայացուցիչներ, Փասատինայի Միացեալ կրթշրջանի (PUSD) փոխտեսուչ Էրիք Սահակեան, նոյն տարածաշրջանի արձանագրիչ Անի Ճանանեան, Ճեմարանի խորհրդատու յանձնախումբի ատենապետուհի Մարօ Եագուպեան եւ նոյն յանձնախումբի անդամներէն Կոլտի Գալստեան:
Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի քայլերգով: Բարի գալուստի խօսքը կատարեց Ճեմարանի վարիչ Նորայր Տատուրեան: Ան շնորհաւորելով եւ օրուան խորհուրդին բնորոշ լաւագոյն բարեմաղթանքները յղելով շրջանաւարտներուն՝ ըսաւ, թէ կեանքը նաւակի մը նման է եւ այսօր ինք՝ շրջանաւարտը, պիտի սկսի ղեկավարել զայն, հետեւելով ծնողներու եւ դասատուներու խորհուրդներուն: Ն. Տատուրեան նաեւ յայտնեց, թէ վարժարանի առաջին հունձքի շրջանաւարտութիւնը կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ազգի ճգնաժամային օրերուն: Սակայն, ան վստահեցուց բոլորին, որ շրջանաւարտները պատրաստ են բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:

Պլեր վարժարանի տնօրէն Տէյվիտ Իպառան ուրախութիւն յայտնեց, որ հայ աշակերտներու ընտիր խումբ մը բնակութիւն գտած է իր վարժարանին մէջ եւ Հայկական Ճեմարանը մնայուն հարստութիւն մըն է Պլեր երկրորդական վարժարանին համար:
Էրիք Սահակեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտները, ապա ըսաւ, թէ Հայկական Ճեմարանի երդիքին տակ շնչել սկսած հայոց լեզուն եւ մշակոյթը PUSD-ի համար թանկագին յայտնութիւն մըն է եւ Փասատինա քաղաքը զայն աճեցնելու համար նոր ներդրումներ պիտի կատարէ:
Մարօ Եագուպեան իր խօսքի մէջ շրջանաւարտները կոչեց «հերոսներ» եւ աւելցուց․ «Դուք վստահեցաք մեզի եւ ընտրեցիք դժուար ճամբան, արձանագրուեցաք վարժարանի մը մէջ, որ տարի մը առաջ գաղափար էր միայն, գոյութիւն իսկ չունէր: Դուք ռահվիրաներն էք եւ ճամբայ կը բանաք բազմահարիւր հայորդիներու, որոնք այժմ կը տեսնեն, թէ կարելի է հանրային վարժարանի մը մէջ հայեցի դաստիարակութիւն եւ ազգային սնունդ ստանալ»:
Ապա հրաժեշտի խօսքերով բեմ ելան ճեմարանի անդրանիկ շրջանաւարտները՝ Լիա Մախուլեան, Տէյվիտ Աբիկեան, Քրիստափոր Սագայեան եւ Յարութիւն Գարակէօզեան: Անոնց խօսքերուն մէջ կար տխրութիւնը եւ ուրախութիւնը միաժամանակ ապրելու արտասովոր վիճակը: Աշակերտները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք Հայկական Ճեմարանը հիմնելով՝ իրենց շնորհեցին հայեցի կրթութիւն:

Փասատինայի մէջ Հայկական Ճեմարանի ներկայութիւնը չէր վրիպած նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի ուշադրութենէն: Անոր գրասենեակէն երկու ներկայացուցիչներ շնորհաւորագիրներ ներկայացուցին շրջանաւարտներուն:
Աշակերտները իռենց կարգին հաճելի անակնկալ մը պատրաստած էին հանդիսատես ծնողներուն եւ հիւրերուն համար: Երբ բացօթեայ գաւիթին մէջ սկսաւ լսուիլ Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը, աւարտականները, 11րդ կարգի աշակերտներու հետ զոյգեր կազմած՝ պարեցին հրաժեշտի վալսը:
Ապա եկաւ սպասուած պահը. շրջանաւարտները պատրաստ էին դպրոցական կեանքի ամենէն տխուր բայց նոյն ժամանակ ամէնէն գեղեցիկ ձայնը լսելու: Ն. Տատուրեան հնչեցուց իր ձեռնազանգակը եւ ըսաւ. «Ասիկա վերջակէտ մը չէ: Այս զանգը ձեր ապագայի ձայնն է, ձեր պայքարներու եւ յաջողութիւններու քաղցր կանչը»:

Իբրեւ վարժարանի նոր աւանդութիւն՝ իւրաքանչիւր աշակերտ դպրոցական օրերը խորհրդանշող առարկայ մը ձգեց «Յիշատակի արկղ»ին մէջ: Այդ արկղը հանդիսութեամբ պիտի բացուի տասը տարի ետք: Իսկ դպրոցի պարտէզի «Հայկական անկիւն»ին մէջ անոնք տնկեցին նռնենի մը:
Յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ հիւրասիրութեամբ:
Նշենք, որ Հայկական Ճեմարանը Փասատինա եւ շրջակայ քաղաքներու հայկական միակ երկրորդական վարժարանն է: «Պլեր» հաստատութիւնը 6-12րդ կարգի հայորդիներուն կու տայ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան դասեր, ներառեալ միջազգային ճանաչում ունեցող «IB-International Baccalaureate/Հայկական Գրականութիւն» դասընթացքը: Ճեմարանը ծրագրած է յաջորդ տարի հայկական պարի եւ երգի ընտրովի դաս ալ սկսիլ: Բոլոր դասընթացքները ունին Քալիֆորնիոյ համալսարանի վարկաւորում (UC Accreditation): Ճեմարանը PUSD կրթաշրջանի հաստատութիւնն է, որուն կրնան անվճար արձանագրուիլ թէ՛ Փասատինա եւ թէ Լոս Անճելըսի բոլոր քաղաքներու աշակերտները: Ճեմարանը արձանագրուելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելել կայքը կամ հեռաձայնել (626) 396 5820 x 80124 թիւին:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)