ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, 14 Յունիսին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի նախագահներու հանդիպումը։
Հանդիպումէն առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին ակնարկելով՝ Էրտողան ըսած էր․ «Ասիկա մեզի համար շատ ցաւոտ գործընթաց էր։ Մենք չենք կրնար այս հարցը անտեսել եւ օրակարգ չբերել, որովհետեւ Թուրքիա պատահական երկիր չէ: Յոյս ունիմ, որ Պայտընի հետ այնպիսի հանդիպում մը կ՛ունենամ, որ մոռացութեան կը մատնէ Ապրիլ 24ը»։
Մինչդեռ, նախագահ Ճօ Պայտընի հետ շուրջ 90 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահը յայտնած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին որեւէ անդրադարձ չէ եղած՝ նշելով․ «Փառք Աստուծոյ, անոր մասին ընդհանրապէս չխօսուեցաւ»։
Էրտողանի այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է թրքական մամուլին եւ ընդդիմադիր քաղաքական շրջանակներուն մէջ:
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ քեմալական Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նախկին անդամ եւ երկրի նախագահի նախկին թեկնածու, իսկ այժմ «Հայրենիք» կուսակցութեան հիմնադիր Մուհարեմ Ինճէ կոշտ կերպով արձագանգեց Էրտողանի վերոնշեալ յայտարարութեան:
«Հանդիպումէն մէկ օր առաջ ըսած էիր, որ կը ցաւիս Ամերիկայի կողմէ այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, եւ իբր թէ այդ հարցը անպայման օրակարգ պիտի բերէիր: Լրագրողները հարցուցին, թէ արդեօք Ապրիլ 24ի հարցը յայտնուա՞ծ է օրակարգին վրայ, ան պատասխանեց՝ ըսելով. «Փառք Աստուծոյ, ընդհանրապէս օրակարգի վրայ չյայտնուեցաւ»: Այսինքն կարծես մենք մեղաւոր ենք եւ փառք Աստուծոյ հարցը ճեղքած ենք, գործը փրկած ենք», ըսաւ Ինճէ:
«Ապագայ» կուսակցութեան նախագահ եւ Էրտողանի նախկին կուսակից Ահմետ Տաւութօղլու եւս քննադատեց Էրտողանի կեցուածքը՝ ըսելով. «Պայտընին պէտք է տրուէր անհրաժեշտ պատասխանը»: