
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ատրպէյճան գործնականօրէն կարելի է ՆԱԹՕի անդամ նկատել այն պահէն, երբ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը թրքական բանակին հետ կռուեցան ՀԱՊԿի անդամ Հայաստանի դէմ: Այս մասին ռուսական «Կազեթա» կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ռուսիոյ խորհրդարանի Պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Ալեքսանտր Շերին:
«Պաքուի՝ ՆԱԹՕի անդամակցիլը ժամանակի հարց է», ըսաւ ան:
Ռուս երեսփոխանը այսպիսով արձագանգեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, ըստ որուն Անգարա կրնայ ռազմակայան կառուցել Ատրպէյճանի տարածքին մէջ:
«Ատրպէյճան նպատակ ունի Թուրքիոյ միջոցով մերձենալ ՆԱԹՕին, իսկ Հայաստան ՀԱՊԿի անդամ է: Ռուսիոյ չէզոք դիրքորոշումը, մեղմ ըսած, կ՛արտօնէ Թուրքիոյ, որ հանդէս գայ նման յայտարարութիւններով: Աւելի՛ն, Մոսկուան ռազմակայան ունի Հայաստանի տարածքին մէջ, իսկ Ատրպէյճանի մէջ չունի», ըսաւ Շերին: